2013-01-22 11:26:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Վիէթնամի Համայնավար Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը։


Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի 22 յունուարի առաւօտեան, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց, Վիէթնամի Համայնավար Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը` 68-ամեայ Տիար Նկույէն ֆու Թրոնկ։
Այս հանդիպումը կը խորհրդանշէ Սուրբ Աթոռի ու Վիէթնամի միջեւ հաստատուած լաւ յարաբերութիւնները, յայտնած է Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը։
Սրբազան Քահանայապետին ունկնդրութիւնը Տիար Նկույէն ֆու Թրոնկի, ՜՜ յատուկ՝՝ նկատուած է, որովհետեւ Սրբազան Քահանայապետը (ընդհանրապէս) առանձնական ունկնդրութիւն կը շնորհէ միայն Պետութիւններու Նախագահներուն կամ Կառավարական անձնաւորութիւններուն։
Յայտնենք որ անցեալ նոյեմբերին (2012-ին) Վիէթնամի միջ- նախարարական հոգեւոր հարցերով զբաղող պատուիրակութիւն մը, Վատիկան այցելած էր ու Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին հանդիպում ունեցած՝ Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Սուրբ Աթոռի եւ Վիէթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են, երկու վերջին տարիներու ընթացքին եւ 2011-ի Յունուարէն ասդին, Վատիկանը ունի Հանոյի կառավարութեան մօտ իր ներկայացուցիչը։
Վիէթնամի կաթողիկէ հասարակութիւնը, կը կազմէ բնակչութեան 7 տոկոսը (8 միլիոն հաւատացեալ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.