2013-01-22 11:33:19

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, իր շաբթուայ խմբագրականին մէջ կ՛անդրադառնայ ''Զէնքերու'' ազատ վաճառումի եւ անոնց գործածութեան, մասնաւորապէս ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու մէջ պատահած ոճրագործութիւններուն։ Զանազան կրօններու 47 հոգեւոր պետեր, կոչ ուղղած են ամերիկացի խորհրդարանականներուն '' սահմանափակելու համար'' զէնքի գործածութիւնը որոնց համար ''ընկերութիւնը անընդունելի գին մը կը վճառէ''։
Երբեք պէտք չէ վհատինք ապազինումի ի նպաստ, պայքարելու համար անոնց արտադրութեան, առեւտուրի, ու ապօրինի վաճառման դէմ։
Հայր Լոմպարտի հուսկ կը վերյիշէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Ճմաբորդութեան ընթացքին արտասանած խօսքը ''ամէնքս ցնցուած ենք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ջարդերու համար, բայց եւ այնպէս զէնքները հոն կը շարունակուին հասնիլ։ Խաղաղութիւնը կը ծնի սրտէն ու աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ձեռք ձգել զայն եթէ զէնքերը նուազին։








All the contents on this site are copyrighted ©.