2013-01-22 11:26:33

«Թող Մի Ըլլաք»


«Թող մի ըլլաք», այս էր բաղձանքը Յիսուսի Գեթսեմանի պարտէզին մէջ երբ վերջին խօսակցութիւնը ունեցաւ իր Հօրը հետ ։ Դժբախտաբար, այդ բաղձանքը չիրականացաւ եւ իրեն հետեւողները ետ մարդկային հաշիւներով բաժանումի ճամբան առին ։ Առաջին օրերուն առաքեալները քրիստոնեաներու նոր միութիւններ հիմնեցին, եկեղեցիներ շինեցին, եւ ժողովրդապետութեան տուներ ու կեդրոններ ունեցան ։ Իւրաքանչիւր կեդրոն ունեցաւ իր եպիսկոպոսը եւ քահանեները, եւ այդպեսով տարածուեցաւ Աստուծոյ խօսքը շնորհիւ Առաքեալներուն եկեղեցւոյ պետերուն ։
Առաջին բաժանումը տեղի ունեցաւ Գաղգեդոնի ժողովին ընթացքին, երբ Արեւելքը բաժնուեցաւ Արեւմուտքէն, եւ սկսան ստեղծուիլ նոր ճիւղեր, նոր ճեղքեր Եկեղեցւոյ մէջ, որ բաժանումի տառաւ Յիսուսի հաւատացող նոր ժողովուդը ։ Եւ սակայն, եւ պատմութեան ընթացքին, եղած են քայլեր միութեան՝ քով քովի գալու, եւ սակայն մարդկային հաշիւներն ու փիլիսոփայութիւնները հանդիսացան Աստուծոյ խօսքին շուրջ ետ միանալու ։
Շատ մը ճիգեր ընելէ ետք, կարգ մը հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ կրցան գէթ միութեան համար աղօթքներ ստեղծել տարուոյն ընթացքին ։ 1740–ին Անգլիոյ մէջ հաւատացեալներու խմբակ մը ծնունդ տուին շարժումի մը ընդգրկեց կարգ մը կրօնաւորներու եւ աշխարկաններու՝ Քրիստոսի հաւատքի շուրջ հաւաքելու եւ աղօթելու, քով քովի Քրիստոսի զաւակները գեթ միասին ըլլալու, աղօթելու եւ սիրով ապրելու համար ։
1840-ին Ինքնատիոս Սբենսեր պատուելին կ'առաչարկէր իննօրեայ մը աղօթել՝ Քրիստոնեաներու միութեան համար ։ 1849–ին ԺԳ. Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ որ ինը օրեր յատկացուցին Քրիստոնեաներուն միութեան աղօթելու համար ։ Եւ սակայն այս առաջարկը պաշտօնական կերպով կը սկսին իրականացնել 1968–ին, երբ համաշխարհային Եկեղեցիներու եւ իր խորհուրդը կը հաստաեն ամէն տարուայ Յունուար 18-25, որպէս քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ ։ Այդ օրերուն սակայն անցան յանդիպումները զանազան Եկեղեցիներուն պետերը, այսինքն Կաթողիկէ, Օրթոտոքս եւ Փողոքական. իւրաքանչիւր Եկեղեցի ունեցաւ իր œcuménique շարժումը եւ իր խորհուրդները, եւ ասոր համար սկսան աշխատանքներ տածել որպէսզի հասնին միութեան ։
Աղօթենք ուրեմն սիրելիներ այսօր՝ Քրիստոնեաներու միութեան համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.