2013-01-21 14:46:51

Սպանիայի Եպիսկոպոսներու ''Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուայ'' Առթիւ Հրատարակած Պատգամը։


''Մօտիկութիւն ու աղօթք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն որոնք իրենց հաւատքի պատճառաւ հալածուած ու խտրականութեան զոհ են''- Այս կը կարդանք Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կը նշուի ամէն տարի 18 - 25 Յուանուր։

Իրենց պատգամին մէջ եպիսկոպոսները յատկապէս կ՛անդրադառնան ''մեծամասնութեամբ մահմետական բնակչութիւն ունեցող երկիրներու մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւններու դէմ գործադրուած բռնարարքներուն ինչպէս Փաքիստան, Նիճէրիայ, Եգիպտոս, Սուտան...եւ կոչ կ՛ուղղեն բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց աղօթելու` որպէսզի դադրին Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած` մարդ արարածի արժանապատութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնները որոնք հակառակ են նաեւ կրօնական ազատութեան որ մարդ արարածի հիմնական իրաւունքներէն մին է։

Սպանիայի Եպիսկոպոսները ապա կը յայտնեն թէ այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ խորհրդածութիւնները յանձնուած են հնդկաստանի քրիստոնեաներուն ու կը մատնանշեն թէ կարեւոր է` ոչ միայն քրիստոնեաներու ''տեսանելի միութիւնը'' այլ նաեւ ''տառապանքի մէջ զօրակցութիւնը'' որ բազմաթիւ հաւատքի եղբայրներ կը կրեն ազատութեան եւ արդարութեան ձգտումներով։

Հնդկաստանի եկեղեցւոյ փորձառութենէն մեկնելով - կը գրեն Սպանիայի եպիսկոպոսները - աւելի յստակ կերպով կը հասկնանք թէ ինչպէս համայն քրիստոնեաներու տեսանելի միութեան փնտռտուքը չի կրնար անջատուիլ արդարութեան ի սպաս յանձնառումէն եւ անցեալի վէրքերու յաղթաահարումէն ''։

Սպանիայի եկեղեցին կ՛ընգծէ արդ ''հոգեկան համամիութեան'' կարեւորութիւնը որ ''կարելի է յարատեւ աղօթքի ու ապաշխարանքի միջոցաւ'' ինչպէս նաեւ ''սարկաւագական համամիութիւնը'' որ կը զարգանայ ''դաստիարկչական եւ գթութեան որոլտներու մէջ'' ու կ՛ընգրկէ մարդ էակի ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ընտանիքը։

Սպանիայի եպիսկոպոսները հուսկ կը մատնանշեն Եկեղեցիներու Համաշխարհային 10րդ խորհրդաժողովին զոր տեղի պիտի ունենայ Քորէայի Պուզան քաղաքին մէջ յառաջիկայ 2013-ի հոկտեմբերին եւ որուն բնանիւթն է ''Կեանքի Աստուածը, առաջնորդէ մեզ դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն''։

Սպանացի եպիսկոպոսները ապա կ՛անդրադառնան Երկրի տնտեսական տագնապի մասին ու բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրեն ''փոխելու իրենց ապրելակերպը'' տնտեսութեան կեդրոնը դնելով` ''մարդ արարածի ու անոր արժանաւորութեան `ամբողջական եւ ոչ թէ մասնական տեսութիւն մը, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ որ դրամի, արտադրութեան ու սպառումի հետ յարաբերութեան նոր ձեւեր յառաջացնեն։''








All the contents on this site are copyrighted ©.