2013-01-21 13:19:07

Սուրբ Երկրի Հայերը Յունուար 19-ին կատարեցին
Յիսուսի Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնը


Ուրբաթ 18 Յունուարի առաւօտեան ժամերուն , Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շքախումբը, առաջնորդութեամբ Տեղապահ` Արիս սրբազան Շիրվանեանի, պաշտօնական մուտք գործեց Բեթղեհէմ քաղաքը, հայ սկաուտական շեփորախումբի ուրախ քայլերգներուն ընկերակցութեամբ։ Այս առթիւ սկաուտական երկու խումբերը, ՀՄԸՄ եւ ՀԵՄ իրար միացած էին, ղեկավարութեամբ՝ հայ կաթողիկէ երիտասարներէն` Նուպար Ոսկերիչեանի։
Յետ միջօրէի ժամը երկուքին` կղերականներու շքախումբը, բաղկացած 7 եպիսկոպոսներէ անոնց հետ նաեւ Հայ կաթողիկէ Առաջնորդը՝ գերապայծառ Յովսէփ Թ Ծ Վրդ Քելեկեան, նաեւ՝ 25 վարդապետներէ եւ մօտ 40 դպրեվանքի աշակերտներէ, մուտք գործեց Բեթղեհէմի հայկական եկեղեցին, անցնելով բազմահարիւր հայ ուխտաւորներու մէջէն, որոնք եկած էին, բացի Երուսաղէմէն, Եաֆայէն ու Բեթղեհէմէն, նաեւ Պոլսէն եւ Երեւանէն, ներկայ գտնուելու համար այս հոգեպարար արարողութեան։ Թափօրը հազիւ կրցաւ տեղ գրաւել փոքր եկեղեցւոյն մէջ։
Նկատի առնելու որ Երուսաղէմի բոլոր միաբան Հայրերը փութացած էին համայն աշխարհէն, որով յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Երուսաղէմի նոր պատրիարքին ընտրութիւնը։ Ի Դէպ, Ս. Յակոբայ վանքի այժմու միաբաններու թիւն է 36, որոնցմէ 8­ը Արքեպիսկոպոսներ եւ Եպիսկոպոսներ են։
Նախ սկսան Ճաշու երեք ժամերու աղօթքները, ապա Երեկոյեան ժամերգութիւնը որ յատուկ է Ծննդեան Ճրագալոյցին եւ որուն կը հետեւին մարգարէական ընթերցումները. Դանիէլի ընթերցուածին եւ երեք մանկանց երգէն ետք` անմահ սուրբ Պատարագը մատոյց Հայր Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան։ Հայր մերէն առաջ` պատարգիչ վարդապետը տուաւ օրուան պատշաճ քարոզը, մաղթելով որ Քրիստոսի Ծննդեան տօնը համայն աշխարհի խաղաղութիւն պարգեւող աւետիսն ըլլայ։
Արարողութիւնը տեւեց չորս ժամ . որուն ընթացքին, ուխտաւորները մեծ ջերմեռանդութեամբ կը հետեւէին սուրբ պատարագին, ոմանք նոյնիսկ յոտընկայս կամ ծունկի մասնակցեցան արարողութիւններուն։
Մեծ էր թիւը հաղորդուողներուն։ Երգչախումբը բաղկացած էր միայն ժառանգաւորներէն, ղեկավարութեամբ Տիար Ասատուր Բալճեանի։
Սուրբ Պատարագէն ետք` տեղի ունեցաւ նախատօնակը, որու ընթացքին բոլոր կղերականները կարգաւ մտան ծննդեան քարայրը եւ ջերմեռանդութեամբ համբուրեցին Քրիստոսի ծննդեան վայրը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ վանքի սրահին մէջ, հովիւներու երեւման աւետարանի ընթերցումով։
Երեկոյեան ժամը 7-ին ժամանեց Պաղեստինի նախագահ` Մահմուտ Ապպաս, իր շքախումբովը, եւ ընդունուեցաւ վանքի շքեղ դահլիճին մէջ։ Զինք պաշտօնապէս ընդունեցան Արիս Սրբազանը, Տիար Ցոլակ Մոմճեան՝ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ Հայր Խադ Ճունտուրեան՝ տեսուչը Բեթղեհէմի հայկական եկեղեցւոյ։ Խօսք առնելով Արիս Սրբազանը, մերձեցուց Յիսուսի Ծննդեան տօնը Պաղեստինեան պետութեան ծննդեան, մաղթելով որ այս նորածին պետութիւնը աճի ու զարգանայ, դառնալով օր մը անկախ եւ ինքնիշխան։
Իր կարգին նախագահ՝ Մահմուտ Ապպաս, նախ շնորհակալութիւն յայատնեց Հայաստանի որ առաջին ազգերէն եղաւ որ իր քուէով ընդունեցաւ Պաղեստինը որպէս դէտ` Ազգերու Միութեան Ժողովին, ապա աւելցուց թէ Հայերը եւս հալածուած ազգ մը ըլլալով` կը հասկնան Պաղեստինցիներու վիճակը։ Պաղեստինի ճանաչումը, եզրափակեց Ապպաս, որպէս լիիարաւ պետութիւն` դուռը պիտի բանայ վերջնական խաղաղութեան, ընդմէջ Իսրայէլի եւ բոլոր արաբական երկիրներուն։
Ապա ներկաները հրաւիրուեցան ճոխ Պիւֆէի մը։
Հաւատարիմներէն շատեր Բեթղեհէմ մնացին, սպասելով կէս գիշերուան պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.