2013-01-21 13:01:45

Պարաք Օպամա Այսօր Կը կատարէ Իր Երդմնատուութիւնը Ուաշինկթընի ՄԷջ։


ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի Երկրորդ Պաշտօնակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը կը կայանայ այսօր 21 Յունուար , Ուաշինկթընի մէջ:
Իսկ Յունուար 20-ին, Սպիտակ Տան մէջ կայացաւ, ի ներկայութեան կողակիցին ու երկու աղջիկներուն Պ. Օպամայի երդման հակիրճ ոչ-հանրային արարողութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահը իր երդումը կատարեց երկրի Գերագոյն Դատարանի ղեկավար Ճոն Ռոբերդս-ի արտասանած երդման բանաձեւը իր կարգին կրկնելով :
Իսկ Երդմնատուութեան գլխաւոր արարողութիւնը կ՝իրականացուի այսօր` Յունուար 21-: Օպամայի նախագահական երդումը ու ելոյթը տեղի կ՝ունենայ տասնեակ հազարաւոր ԱՄՆ քաղաքացիներու առջեւ Գաբիթըլ Հիլի մէջ:
Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնենրը կայացաւ 6 Նոյեմբեր 2012-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.