2013-01-21 14:47:20

Նազարէթի Քաղաքապետը Կ'արգիլէ Փոքրամասնութիւններուն Նուիրուած Արաբական Դպրոցի Մը Բացումը։


Իսրայէլեան Հակացեղապաշտ ընկերակցութիւնները անոր դէմը կը կանգնին։
Շիմոն Կաֆսու` բարձր Նազարէթ քաղաքին աջակողմեան ծայրայեղ քաղաքապետը թիրախ դարձած է իսրայէլեան հակացեղապաշտ ընկերակցութիւններուն, որովհետեւ մերժած է արտօնել արաբ դպրոցի մը բացումը, հաղորդագրած է իսրայէլեան Հա'արեց օրաթերթը, մատնանշելով որ 52 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքին աւելի քան 10 հազար բանկիչները արաբ են ու մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ։
Քաղաքապետը յայտարարած է. ''որ՜քան ես քաղաքապետ եմ բարձր Նազարէթը պիտի չունենայ արաբ դպրոց մը''։ Ան միտք ունի Ղազա փոխադրել արաբ բնակիչները։
Քաղաքին հակացեղապաշտ ընկերակցութեան գլուխ` փաստաբան Նիտալ Օթման դատի կանչած է քաղաքապետը։ Ծննդեան տօնէն առաջ, Շիմոն Կաֆսու մերժած էր արտօնել տօնածառի մը բարձրացումը, նկատելով զայն որպէս քրիստոնէական խորհրդանիշ։
Նշենք որ բարձր Նազարէթ քաղաքը կառուցուած է 1950 թուականներուն, պաղեստինեան բռնագրաուած հողերու վրայ, որպէս հրեաներու գաղթօճախ։








All the contents on this site are copyrighted ©.