2013-01-21 13:18:33

Հարցազրոյց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Հետ։


Լիբանանեան Թէլէլիւմիէր Հեռուստակայանի Թղթակիցը՝ Լիա Մաամարի ՜՜Քրիստոնեաներու Միութեան՝՝ Շաբթուայ առթիւ կարգ մը հարցումներ ուղղեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին.
Առաջին հարցումը եղաւ.
Միութեան Շաբթուայ ընթացքին որոնք են հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առած քայլերը...կը մասնակցի՞ք այլ համայնքներու հետ աղօթքներուն
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատասխանեց ըսելով.
Լիբանանի մէջ կը մասնակցինք միութեան շաբթուայ բոլոր աղօթքներուն. ամէն օր աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի միութիւնը հաստատուի, ինչպէս որ Յիսուս խնդրած էր իր Հօրմէն. ՜՜Թող ամէնքը մէկ ըլլան, Հայր, ինչպէս որ ես քու մէջդ եմ եւ դուն իմ մէջս, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան,, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս ՝՝։

Այլ համայնքներու հետ Կլոր Սեղանի կը մասնակցի՞ք հարցումին
ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.
Երկխօսութիւնը եկեղեցիներու միջեւ երկու մասի կը բաժնուի.
Առաջին՝ ՜՜առօրեայ երկխօսութիւնը՝՝. ամէն օր քրիստոնեաները կ՝ապրին զայն եւ ազդու է։
Եւ ապա ՜՜Աստուածաբանական Երկխօսութիւնը՝՝ որը Տիեզերական եկեղեցին կը կատարէ Վատիկանի մէջ, օրթոտոքս եկեղեցւոյ եւ աւետարանականներու հետ։ Հայ եկեղեցին գործօն մասնակցութիւն ունի սոյն երկխօսութեան հաւաքներուն...
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նաեւ հայ կղերին ու անոր գործունէութեան մասին. զանազան մարզերու մէջ ... թուելով զանազան յանձնախումբերը, հայող՝ դաստիարակութեան, ընտանիքի, երիտասարդներու, հաղորդակցութեանց միջոցներու եւ համամիութենական ...
Մեր վարժարաններու մէջ եւս աղօքներ կը բարձրացնենք որպէսզի Տէրը անսայ անմեղ մանուկներուն ու ընդառաջէ անոնց կոչին, ըսաւ Ամենապատիւ կաթողիկոսը անդրադարնալով երիտասարդներուն ու անոնց դերինեկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ. անոնք եկեղեցւոյ ապագան են. ասոր համար մեծ կարեւորութիւն կը տրուի անոնց դաստիարակութեան համար։
Կարեւոր է նաեւ աշխարհականներու դերը եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ ան, կարեւոր է կղերին ՜՜համագործակցութիւնը՝՝ աշխարհականներուն հետ։
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ մշակութային զանազան ձեռնարկներու մասին, ինչպէս՝ հայ տպագրութեան 500-ամեակի նշումը, շեշտը դնելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետի Զմմառու Վանք այցելութեան ընթացքին Յակոբ Մեղապարտի՝ կիսանդրիին բացման վրայ, այս պատմական դէպքը մեծ պարգեւ է հայ ժողովուրդին... խօսեցաւ նաեւ Զմմառու բազմադարեան վանքի մշակութային արժէքին մասին, յիշելով նաեւ Հ Հ Նախագահին այցը Զմմառու վանք, այս տարի։
Հուսկ ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թէլէլիւմիէր հեռուստակայանի տնօրէնութեան ու անձնակազմին անոնց յոյժ կարեւոր աշխատանքին համար։









All the contents on this site are copyrighted ©.