2013-01-20 12:54:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 20 Յունուար 2013-ի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած` օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն ուր կը խօսուի Կանայի հարսանիքի մասին։
Կանայի հարսանիքը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կը նշէ ''Յիսուսի նշաններուն'' սկիզբը։ Այդ հրաշքով Յիսուս իր Փառքը կը յայտնէ աշխարհին իր աշակերտներուն մէջ հաւատք յառաջացնելով։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ Միութեան ու Քրիստոնեաներու միչեւ տիրող պատմական բաժանումներուն վերակոչելով Քրիստոնեաներու աղօթքի շաբաթը որ կը նշուի 18 - 25 Յունաուր։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը վերյիշեց Թեզէի հասարակութեան երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ վերջերս տեղի ունեցած աղօթքի հսկումը։

Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ - ըսաւ Ան - աղօթելու որպէսզի իրականանայ ''Այն ինչ որ Տէրը կը պահանջէ մեզմէ''. Նիւթը որ ընտրուած է այս տարուայ միութեան շաբաթուայ որպէս խորհրդածութիւն։

Յանձնառու ըլլանք - շարունակեց Սրբազան Հայրը - իրար զիրար սիրելու որպէսզի աշխարհը հաւատայ։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա յայտնեց թէ յառաջիկայ ուրբաթ 25 յունուարի երեկոյեան Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու եւ հասրակութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ։

Իր խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը նորոգեց իր կոչը ''խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ'' ինչպէս նաեւ ''անզէն քաղաքացիներու դէմ գործադրուած կոտորածներու դադրեցումին ու վերջ բռնութիւններուն''։ Ան ապա հրաւիրեց կողմերը դիմելու երկխօսութեան եւ բանակցութեան։

Արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.