2013-01-20 12:46:25

Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ՜՜Դուռն Հաւատոյ՝՝ Առաքելական Թուղթը


Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ՜՜Դուռն Հաւատոյ՝՝ Առաքելական Թուղթով՝ 2013-ը Հռչակեց ՜՜Հաւատքի Տարի՝՝.
Այս առթիւ շաբաթական հերթականութեամբ պիտի կարդանք Սրբազան Հօր սոյն ՜՜Առաքելական Թուղթէն՝՝ հատուածներ։
1. «Հաւատքի Դուռը» (Տես Գործք 14, 27) որ կ'առաջնորդէ հաղորդութեան կեանքին Աստուծոյ հետ եւ կ'արտօնէ որ մուտք գործենք իր Եկեղեցւոյն մէջ, միշտ բաց է մեզի համար։ Կրնանք այդ սեմէն անցնիլ երբ կ'ընդունինք Աստուծոյ Խօսքին աւետումը եւ մեր սիրտը կը կաղապարուի շնորհքով որ կ՛այլափոխէ մեզ։ Այդ դռնէն անցնիլը կ'ենթադրէ որ կ'որդեգրենք ուղեւորութիւն մը կը տեւէ ամբողջ կեանք մը։ Ան կը սկսի Մկրտութեամբ (Տես Հռ 1 6, 4) որու միջոցաւ մենք կրնանք Հայր անունով կանչել զԱստուած, եւ կ'աւարտի անցքով՝ դէպի յաւիտենական կեանք, պտուղը յարութեան Տէր Յիսուսի, որ Սուրբ Հոգին պարգեւելով, ուզեց իր իսկ փառքին մասնակից դարձնել բոլոր անոնք որ կը հաւատան Իրեն (Տես Յվհ. 17, 22)։ Դաւանիլ հաւատքը Երրորդութեան Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի - համազօր է հաւատալու միակ Աստուծոյ որ Սէր է (Տես Ա Յվհ 4, 8). Հայրը, որ ժամանակներու աւարտին իր Որդին առաքեց մեր փրկութեան համար, Յիսուս Քրիստոս, որ իր մահուան ու յարութեան խորհուրդով աշխարհը փրկեց, Սուրբ Հոգին, որ Եկեղեցին կ'առաջնորդէ դարերու ընդմէջէն, սպասելով Տիրոջ փառաւոր վերադարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.