2013-01-19 12:39:31

Սրբազան Քահանայապետի Թուիթթերեան Լատիներէն Կայքէջը։


Անցեալ 17 յունուարին լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Թուիթթերեան Լատիներէն լեզուով նոր էջը որուն առաջին - Թուիթը - կարճ հաղորդագրութիւնը - պիտի հրատարակուի կիրակի 20 յունուրաին։
Սրբազան Հօր Թուիթթերեան կայքէջը առ այժմ` Լատիներէնի հետ միասին, կը հրատարկուի 9 լեզուներով. Անգլերէն, Սպաներէն, Իտալերէն, ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Փորթուկալերէն, Լեհերէն եւ Արաբերէն։
Լատիներէն էջի բարի գալուստի պատգամը հետեւեալն է ''Սրբազան Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի թուիթթերեան պաշտօնական էջին գրանցումդ հաճելի է''։
Յայտնենք որ մինչեւ օրս Սրբազան Քահանայապետի 8 լեզուներով թուիրթթերի օգատատերերու թիւը գերազանցած է 2,5 միլիոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.