2013-01-19 12:30:56

Յիշելով Հրանդը ...


Պոլսահայ ծանօթ լրագրող 1996- էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ասդին՝ անցան 6 տարիներ : Արդարեւ 2007ի 19 Յունուարին Պոլսոյ Շիշլի թաղամասը գտնուող Շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ ան սպաննուեցաւ թուրք երիտասարդի մը կողմէ,կրնակէն զարնուելով։
Հրանդ Տինք Թուրքիոյ երեւելի մտաւորականներէն էր եւ մեծապէս սիրուած ու յարգուած Թուրքիոյ այլ երեւելի թուրք լրագրողներու եւ մտաւորականներու կողմէ։ Ան իսկապէս քաջ էր իր անվախ ելոյթներովը թրքկան զանազան հեռուստակայաններէ, մեծ զարմանք ու հիացմունք պատճառելով յատկապէս Պոլսահայերու մօտ,երբ իրենց ականջներով կը լսէին որ Հրանդ կ՝ըսէր ՝՝ Այո՝ ես Թուրք չեմ,ես Հայ եմ ՝՝ ։ Բնականաբար կ՝ենթարկուէր հալածանքի եւ հետապնդումներու մասնաւորապէս երկրի ազգայնամոլ ֆաշիսթներու կողմէ։
Երբ 2004 թուականին ՝՝ԱԿՕՍ՝՝ ի մէջ լոյս տեսած ազդեցիկ յօդուածէն յետոյ, որ Թուրքիոյ առաջինէ կին օդաչուն Սապիհա Կէօքչէնը ( Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի որդեգիր աղջիկներէն) ծագումով հայ է եւ աւելին հայ որբերէն մին է ,որոնք որդեգրուեցան 1915էն յետոյ, Տինքը սկսաւ պարբերաբար ենթարկուիլ հալածանքներու,սպառնալիքնելրու թուրք ազգայնականներու կողմէ..... եւ վախցուածը պատահեցաւ։
Հրանդի մահը կազմակերպող ազգայնականները կը կարծէին թէ իրենց այդ քայլով կը յաջողին լռեցնել թուրքիա բնակող հայերը, սակայն Պոլսահայ լրագրողի մահը ցոյց տուաւ հակառակը։ Հրանդի սպաննութենէն յետոյ հայ համայնքը չմեկուսացաւ, այլ ընդհակառակը առաւել համարձակ փորձեց գործել՝բարձրացնելով իր ձայնը իր հարցերու մասին,իր կողքին ունենալով նաեւ գիտակից եւ ուղղամիտ մտաւորականութեամբ հազարաւոր թուրքեր որոնք հրապարակ իջան ՝՝ Բոլորս Հայ ենք,Բոլորս Հրանդ Ենք՝՝ պաստառներով,ինչպէս այսօր 19 Յունուար 2013։








All the contents on this site are copyrighted ©.