2013-01-19 12:33:59

Յարձակումներ Հալէպի Եւ Տարաայի Մէջ.


Ուրբաթ, Յունուար 18ին, առնուազն 12 քաղաքացիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ուժգին պայթում մը քանդեց սուրիական բանակի հակակշիռին տակ գտնուող Հալէպի թաղամասերէն մէկուն մէջ բնակարանային շէնք մը:
Պետական աղբիւրներու համաձայն՝ «ահաբեկիչներ» ռմբակոծած են այդ շէնքը, որ կը գտնուի Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, սակայն ընդդիմութիւնը յարձակումին պատասխանատու համարեց Սուրիոյ իշխանութեան համակիր ուժերը: Ուրբաթ օր զինեալներ յարձակած են նաեւ հարաւային Տարաա քաղաքի մզկիթներէն մէկուն դիմացը կանգնած քաղաքացիներու վրայ՝ «զոհեր եւ վիրաւորներ» պատճառելով, սակայն անոնց թիւը յստակ չէ տակաւին:
Նոյն օրը, զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Դամասկոսի Եարմուք պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ՝ առնուազն 12 զոհեր ու 20 վիրաւորներ պատճառելով: Իսկ ընդդիմութեան աղբիւրները հաղորդած են, թէ Հոմսի մէջ տեղի ունեցած է ջարդ մը, որուն զոհ գացած են 106 քաղաքայիններ:
Նաեւ, Թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Ուրբաթ օր թրքական հիւանդանոցի մը մէջ մահացած է ֆրանսացի լրագրող մը, որ մէկ օր առաջ վիրաւորուած էր Հալէպի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.