2013-01-19 12:47:07

2013ը՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրէ հայ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, Հայրապետական Գիրով 2013 տարին հռչակեց Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա ՐԻ։
Մայրը Աստուածաշունչին մէջ
Աստուածաշունչը աղբիւր է աստուածային յայտնութեան: Այս անհերքելի ճշմարտութենէն մեկնելով, եկեղեցին իր կեանքին ու առաքելութեան կապուած որեւէ ուսուցման, սկզբունքի, արժէքի կամ երեւոյթի գծով, հարկ է որ միշտ նայի Աստուածաշունչին՝ անկէ ստանալու համար իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը:
Արդարեւ, Հին թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ բազմաթիւ են ակնարկութիւնները՝ մօր նկատմամբ:
Այս ուղղութեամբ, եւ որպէս Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մեկնակէտ, հարկ է յիշել Աստուծոյ պատուէրը՝ ՙՊատուէ՜ հայրդ ու մայրդ՚ (Ելից 20.12): Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք՝ "Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ" (66.13): Իսկ Առակաց գիրքը կ’ըսէ՝ ՙՀնազանդէ՜ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՜ անարգեր քու հայրդ երբ կը ծերանայ՚ (23.22): Այլ տեղ Առակաց գիրքը դա՜րձեալ կ’ըսէ՝ ՙՈրդեակ իմ, քու հօրդ խրատը մտիկ ըրէ, ու քու մօրդ օրէնքը մի՜ մերժեր, որովհետեւ անոնք քու գլխուդ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակները պիտի ըլլան՚ (1.8-9):
Նոր Կտակարանին մէջ մօր գերագոյն տիպարը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինն է: Մարիամի ընտրութիւնը Աստուծոյ կողմէ, որպէս Աստուծոյ Միածին Որդւոյն մայրը դառնալու կոչուած տիպար կին (Մատթ. 1.20), Բեթղեհէմի մէջ ծնեալ Յիսուս մանուկին նկատմամբ Աստուածածնի ցուցաբերած գուրգուրանքը (Ղուկ. 2.6-7), Յիսուսի հոգեմտաւոր աճման մէջ Աստուածածնի դերը (Ղուկ 2.22-24) եւ ապա Քրիստոսի առաքելութեան ընթացքին Աստուածածնի մնայուն ներկայութիւնը իր զաւկի կողքին (Յովհ. 19.25) եւ, միւս կողմէ, Քրիստոսի ցուցաբերած խոր յարգանքը իր մօր նկատմամբ (Յովհ. 19.26), պերճախօս կերպով կը պարզեն մօր հարազատ պատկերը եւ փոխադարձ սիրոյ ու գուրգուրանքի վրայ հիմնուած մայր-զաւակ օրինակելի յարաբերութիւնը:
Եզրակացնելէ առաջ մօր մասին Աստուածաշունչի ուսուցումները, յայտնենք նաեւ որ մայրը այնքան յարգանքի արժանի անձ է եղած, որ նոյնիսկ ՙՎերին Երուսաղէմը՚ը բնութագրուած է որպէս ՙբոլորի՜ն մայրը՚ (Գաղտ. 4.26):
Աստուածաշունչին մէջ մօր ներկայութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
ա) Մայրը կը ներկայանայ որպէս հիմքը ընտանիքին. անոր դերը միայն ընտանիքին գոյատեւումը երաշխաւորել չէ՝ զաւակներու ծննդաբերութեամբ. ան նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի: Բարոյական ու հոգեւոր իմաստով ընտանիքի առողջ պահպանումը մօր առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է:
բ) Նկատի ունենալով աստուածային տնօրինումով մօր յանձնուած եզակի առաքելութիւնը, ան կոչուած է իր կեանքին ու գործին մէջ գործնապէս արտայայտելու բարոյական ու հոգեւոր արժէքներն ու սկզբունքները:
գ) Անհրաժեշտ է որ զաւակները հնազանդին իրենց մօր՝ հետեւելով անոր ցուցմունքներուն ու կեանքի օրինակին:
դ) Սուրբ Մարիամ Աստուածածին կը նկատուի որպէս տիպար ճշմարիտ մայրութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.