2013-01-18 12:58:28

Յայտնի Մտաւորական Նոամ Չոմսքի Կը Մասնակցի Տինքի Սպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Գիտաժողովին :


Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան զանազան միջոցառումներ:
Ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթի հաղորդած տեղեկութիւններուն, ամերիկացի յայտնի մտաւորական, լեզուաբան եւ պատմաբան Նոամ Չոմսքի եւս կը մասնակցի Տինքին նուիրուած ձեռնարկներէն մէկուն, որ այսօր (Յունուար 18) տեղի կ՝ունենայ Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի կազմակերպութեամբը «Հրանդ Տինք՝ Մարդկային Իրաւունքներն ու Խօսքի Ազատութիւնը» խորագիրով ։
Նոյն համալսարանին մէջ Չոմսքի «Թուրքիան եւ Զայն Շրջապատող Աշխարհի Կարգը» խորագիրով ելոյթ մը եւս կ՝ունենայ:
Տինքի սպանութեան 6-րդ տարելիցին կապակցութեամբ, անոր բարեկամները քայլարշաւ կազմակերպած են՝ նախորդ տարիներուն նման:
Երթը տեղի կ՝ունենայ Յունուար 19ին, տեղական ժամով ժամը 13:30ին՝ Պոլսոյ Շիշլի թաղէն մինչեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատուն՝այն վայրը, ուր սպաննուած էր Հրանդ Տինք:








All the contents on this site are copyrighted ©.