2013-01-18 12:30:00

Հայկական Խաչքարի Բացում Իտալիոյ Պարի Քաղաքին Մէջ


Ուրբաթ 11 յունուարին, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման արարողութիւնը, ի յիշատակ քաղաքի մէջ հայկական «Նոր Արաքս» հասարակութեան բանաստեղծ գործիչ՝ Հրանդ Նազարեանին:
Խաչքարի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պարիի քաղաքապետը՝ Միշել Էմիլեանօ, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական՝ Պորիս Սահակեան, Իտալիոյ հայ համայնքի նախագահը՝ Պայքար Սվազլեան, Հռոմի հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Մխիթարեանը եւ Թովմաս Խաչատուրեանը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով իտալահայ հայորդիներ:
Արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ հինէն հաստատուած հայ-իտալական յարաբերութիւններուն վրայ, մանաւանդ Պարի քաղաքին մէջ, ուր հայ գաղութին եւ հայ ճարտարապետութեան ներդրումը յայտնի է քաղաքի շինութիւններուն միջոցաւ: Քաղաքապետ՝ Էմիլեանօ ողջունեց հայերու բեղուն գործունէութիւնը Պարիի մէջ կեանքի, արուեստի եւ մշակութային մարզերէն ներս:
Խաչքարի հեղինակն է՝ Աշոտ Գրիգորեանը. իսկ անոր տեղադրման հովանաւորն է՝ Ռուբէն Տիմուրեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.