2013-01-18 13:02:08

Բազմահազար Սգաւորներու Յարգանքի Վերջին Տուրքը ՝ Փարիզի Մէջ Սպաննուած Երեք Քիւրտ Կին Գործիչներուն։


Տիգրանակերտի Պաթըքենթ Հրապարակին վրայ երէկ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան(շուրջ 200հազար հոգի) տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 9 յունուարին սպաննուած քիւրտ կին գործիչներու յուղարկաւորութիւնը: Անոնց դագաղները ծածկուած էին ՔԱԿ-ի դրօշներով (Քիւրտիատանի Բանուորական Կուսակցութիւն) :
Յարգանքի վերջին տուրք մատուցելու համար հաւաքուած ժողովուրդը բարձրացուցած էր պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Բոլորս Սաքինէ ենք», «Բոլորս Լէյլա ենք» եւ «Բոլորս Ֆիտան ենք»: Անոնք կը բացագանչէին` «ՔԱԿ-ը ժողովուրդն է, ժողովուրդը հոս է» եւ «Նահատակները երբեք չեն մեռնիր»: Դագաղներու հրապարակ հասնելէն ետք, իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ ճերմակ աղաւնիներ արձակուեցան:
Յուղարկաւորութենէն ետք Սաքինէ Ճանսըզի մարմինը թաղուեցաւ Թունճելիի մէջ(Տերսիմ) , Ֆիտան Տողանի մարմինը ` Մարաշի Էլպիսթան գիւղին մէջ, իսկ Լէյլա Սէօյլեմեզի մարմինը ` Մերսինի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.