2013-01-18 12:11:29

Աղօթք Եկեղեցիներու Միութեան Համար


Ուրբաթ 18 Յունուարին սկիզբ կ՝առնէ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը որ պիտի տեւէ մինչեւ 25 յունուար,
՜՜Ի՞նչ կ՝ուզէ քեզմէ Տէրը՝՝ բնանիւթով։
Աղօթենք միասնաբար եկեղեցիներու միութեան համար, ինչպէս որ Յիսուս ըսած էր. Հայր թող ամէնքը մէկ ըլլան ինչպէս որ Դուն եւ ես մէկ ենք։
Ով Տէր Յիսուս, Դուն որ քու օրհասական պահուդ մէջ աղօթեցիր, որպէսզի Քու բոլոր աշակերտներդ ըլլան մէկ. ինչպէս Հայրը Քու մէջդ է եւ Դուն՝ Անոր մէջ, լուսաւորէ' մեզ, որ գիտակցինք մեր անհաւատարմութեան ու ցաւինք մեր պառակտուածութեան համար։
Տո'ւր մեզի անկեղծութիւնը՝ ճանչնալու մեր իսկութիւնը, ինչպէս նաեւ քաջութիւնը՝ վանելու համար մեզմէ եւ իրարմէ ամէն տեսակ անտարբերութիւն, վարանում եւ թշնամութիւն։
Պարգեւէ' մեզի շնորհքը, ո՜վ Տէր, որպէսզի բոլորս համախմբուինք Քու մէջդ եւ մեր սրտերէն ու բերաններէն յարատեւօրէն բարձրացնեն քու աղօթքդ՝ քրիստոնեաներուն միութեան համար, այնպէս ինչպէս որ Դո'ւն կ՝ուզես եւ ա'յն միջոցներով , զորս Դո'ւն կը փափաքիս։
Ո՜վ անհուն Սէր, Քու մէջդ գտնենք ճանապարհը, որ կ՝առաջնորդէ դէպի միութիւնը՝ հնազանդելով Քու սիրոյդ եւ ճշմարտութեանդ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.