2013-01-17 12:44:46

Սուրիոյ Իտլիպ Նահանգին Մէջ Ականուած 3 Ինքնաշարժերու Պայթումին Պատճառով Առ Նուազն 22 Զոհեր Արձանագրուած՝ Մեծմասամբ Բանակի Զինուորներ ։ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Կը Դատապարտէ Հալէպի Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումը։


Տասնեակ զոհեր Իտլիպի մէջ,Հալէպի Համալսարանի վրայ կատարուած արիւնալի յարձակումի յաջորդ օրը, ականուած 3 ինքնաշարժերու պայթումը կը համոզէ Ռուսիան (Դամասկոսի պատմական դաշնակիցը) փակելու Իտլիպի իր Դեսպանատունը։
Միւս կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնած է որ Հալէպի Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած է հայ մը Սարգիս Պետրոս ։
Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ ան այժմ կը գտնուի հիւանդանոց: Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ան ուսանող չէ, սակայն անոր աշխատանքի վայրը մօտ կը գտնուէր համալսարանին, եւ պայթումին պահուն այնտեղ եղած է:
Մոսկուա կը յայտնէ որ ընդդիմադիրները կատարեցին Հալէպի Համալսարանի պայթումը՝ սուրիական բանակին դիմաց իրենց կրած պարտութենէն ետք։
Իսկ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունը դատապարտած է Հալէպի Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուեցան առ նուազն 87 հոգի ,եւ կան վիրաւորուած աւելի քան 160 անձեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.