2013-01-17 11:58:45

Հարաւ-Արեւելք Ասիայի Մէջ Վատիկանեան Դիւանագիտութիւնը Յառաջդիմութիւն Կ'արձանագրէ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 16 յունուարին, գերապայածառ Ժոզէֆ Մարինօն նշանակած է որպէս առաքելական դեսպան Մալեզիայի մէջ։
Մինչեւ այդ թուականը, մեծամասնութեամբ մահմետական այդ երկրին մէջ, Վատիկանը ունէր միյայն առաքելական տեղապահ մը։ Այս նոր նշանակումը ապացոյց մըն է վատիկանեան դիւանագիտութեան արձանագրած յաջողութեան Ասիայի հարաւ-արեւելեան շրջանի մէջ։
նշենք որ 27 յուլիս 2011-ին Մալեզիայի նախարարապետ Նաժիպ Ռազաք Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին դիւանագիտական պաշտօնական կապեր հաստատեց Ս. Աթոռին հետ։
Մալեզիան կը հաշուէ աւելի քան 28 միլիոն բնակիչ, որուն 60 տոկոսը մաէմետակկան են։ Արդարեւ Մահմեկանութիւնը հռչակուած է որպէս երկրին պետական կրօնք։ Մալեզիայի բնակչութեան 19 տոկոսը Պուտտայական են իսկ 9 տոկոսը Քրիստոնեայ։ Կաթողիկէ եկեղեցին Մալեզիայի մէջ ներկայ է 16րդ դարէն սկսեալ Փորթուկալցի առաջին առաքեալներու շնորհիւ։
Բացի Մալեզիայէն վատիկանեան դիւանագիտութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի տարիներուն, յառաջդիմութիւն արձանագրած է նաեւ Վիէթնամի ու Արեւելեան Թիմորի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.