2013-01-16 12:56:15

Փարիզի Մէջ Սպաննուած Երեք Քիւրտ Կիներու Յուղարկաւորութիւնը Այսօր Կը Կատարուի Տիյարպաքըրի Մէջ (Թուրքիա) ։


Փարիզի մէջ խորհրդաւոր յարձակումի հետեւանք սպաննուած երեք ՓՔՔ-ցի (Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութիւն) կիներու յուղարկաւորութիւնը այսօր կը կատարուի Տիյարպաքըրի մէջ։ Երեք կիներու մարմինները այսօր Փարիզէն Տիյարպաքըր կը բերուին,ուր կը տարուին Պայրամօղլու Մզկիթը յուղարկաւորութեան արարողութեան համար։
Այնուհետեւ երեք կիներու մարմինները կը փոխադրուին Պաթըքէնթ Հրապարակը,ուր ատենօք կը կատարուէին Նեւրուզի տօնակատարութիւնները։ Հոն եւս նախատեսուած է մեծ հանդիսութիւն մը սպաննուածներու համար։ Տիյարպաքըրի մէջ այսօր կեանքը գրեթէ կանգ կ՝առնէ կարելի է ըսել։ Արարողութեան աւարտին 55 ամեայ Սաքինէ Ճանսըզի մարմինը պիտի ղրկուի Թունճէլի (Տէրսիմ) ծննդավայրը, իսկ ֆիտան Տողանի մարմինը պիտի ղրկուի Էլպիսթան, հուսկ Լէյլա Սէօյլէմէզի մարմինը Մէրսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.