2013-01-16 14:39:58

Սումգայիթի Ողբերգութիւնը Հատորին Իտալերէն Թարգմանութիւնը։


՜՜Սումգայիթի Ողբերգութիւնը՝՝ պարզող իտալերէն գիրքը առաջին անգամն է որ լոյս կը տեսնէ ։ Հեղինակն է հայազգի Սամուէլ Շահմուրատեան զայն իտալերէնի թարգմանած է Միլանահայ Տոքթ. Բիէթրօ Քուչուքեան Հ Հ պատուոյ Հիւպատոսը։
Հինգշաբթի 17 Յունուարին յետ միջօրէին, Հռոմի Խորհրդարանի՝ Մաքութօ պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ գրքին ներկայացումը որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն հայ եւ իտալացի անձնաւորութիւններ՝
Երեսփոխան Սանտրա Ծամբա-ի՝ նախագահը Իտալիա/ Արմենիա բարեկամութեան միջ-պատգամաւորական խորհուրդին ողջոյնի խօսքէն ետք իրենց միջամտութիւնները պիտի բերեն, իտալացի եւ հայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, նշենք անոնցմէ՝ Հ Հ դեսպանը Իտալիոյ կառավարութեան մօտ Վսեմաշուք Տիար Ռուբէն Կարապետեան, Հ Հ պատուոյ Հիւպատոսը Տոքթ. Բիեթրօ Քուչուքեան եւ այլն բանախօսներ...
Սումգայիթի Ողբերգութիւնը հատորը կը ներկայացնէ Ողբերգութենէն վերապրածներու վկայութիւնները եւ կոչը՝ արդարութեան...








All the contents on this site are copyrighted ©.