2013-01-16 12:40:29

Զոյգ Պայթումներ 82 Զոհեր Կը Խլեն Հալէպի Համալսարանին Մէջ։


Հալէպի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած երկու ուժգին պայթումներ առնուազն 82 զոհեր խլած են: Համալսարանական քննութեանց առաջին օրը տեղի ունեցած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է: Շրջանը կը գտնուի կառավարութեան հաւատարիմ ուժերու հակակշիռին տակ: Ըստ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ հրթիռներ արձակուած են համալսարանին վրայ եւ յարձակումին պատասխանատու համարուած են «ահաբեկչական խմբաւորումներ»ը:
Միւս կողմէ Երեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ Թեհրան ժամանած է Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքին, նախագահ Պաշշար Ասսատի առաջադրած խաղաղութեան ծրագիրին մանրամասնութիւնները քննելու համար իրանցի պաշտօնատարներու հետ: Իրան անցեալ շաբաթ արդարեւ յայտարարեց, թէ նեցուկ կը կանգնի Ասսատի ծրագիրին՝ յուսալով, որ անոր շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ արիւնահեղութիւնը կասեցնել:

Իր կարգին, Եւրոմիութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփույ վերահաստատեց, թէ Ասսատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ, մինչ «ժողովրդավարական եւ համապարփակ փոխանցումը դիւրացնելու ջանքեր կը թափուին»: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ իր հանդիպումէն ետք, ան շեշտեց, որ Եւրոմիութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան, եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինին կոչ ուղղեց Իպրահիմիի հետ գործակցելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.