2013-01-15 13:10:14

Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ (18 - 25 Յունուար 2013) ։
''Ինչ Որ Տէրը Մեզմէ կը Պահանջէ'' (Միքիա 6, 6-8)


Ամէն տարի 18-25 Յունուար համայն եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուին աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար. Զանազան դարերու ընթացքին բաժանումներ յառաջացած են այդ Եկեղեցւոյն մէջ, որ գոյացած են մեծ մասամբ քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ վարդապետական անհասկացողութիւններու հետեւանքով։ Թէեւ այսօր գրեթէ հարթուած են այդ վարդապետական բաժանմունքները եւ երկուստեք անկեղծ փափաք մը կայ իրար հանդիպելու վերջնականապէս լուծելու համար այս կացութիւնը սակայն Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութիւնը տակաւին չէ հասած իր կատարումին։
2013 տարւոյն Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուայ առթիւ ''Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը'' եւ ''Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդը'', Հնդկաստանի քրիստոնեաներուն յանձնած են 2013-ի Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբթուայ Խորհրդածութիւնները ու այս վերջիններս ընտրած են նիւթ մը որ սերտ կապակցութիւն ունի հնդկաստանի իրողութեան հետ եւ ''Տալիթներու'' դէմ գործուած խտրականութեան։ Տալիթները (կամ հարստահարուածները) հնդկաստանի մէջ ապրող այն անձերն են որոնք չեն պատկանիր հնդկաստանի չորս ընկերային դասկարգերուն։
Հնդկաստանի քրիստոնեաներու եւ եկեղեցիներու միջեւ բաժանումը - կը կարդանք հնդկաստանի քրիստոնեաներու պատրաստած գրքոյկի նախաբանին մէջ - խորապէս յատկանշուած է դասակարգային համակարգէն։
Դասակարգերը ինչպէս նաեւ մեկուսացումը, ազգայնամոլութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը, երեւոյթներ են որ ծանր մարտահրաւերներու առջեւ կը դնեն Հնդկաստանի Եկեղեցւոյ միութիւնը արդ Եկեղեցւոյ վկայութիւնը որպէս Քրիստոսի մէկ մարմին։
Ասոր համար է որ այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթը կր հրաւիրէ քրիստոնաները խորհրդածելու Միքէ Մարգարէի խօսքերուն վրայ` յատուկ կերպով կեդրոնանալով այն հարցումին թէ '' Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.