2013-01-15 14:24:33

''Քաջութիւնը Եւ Հաւատքի Հեզութիւնը'' Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբթուայ խմբագրականը։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր խմբագրականին մէջ կը մէջբերէ Սրբազան Քահանայապետին Մոքերու մասին արտասանած խօսքերը Աստուածայայտնութեան տօնին օրը ''Անոնց համար Ճշմարտութեան փնտռտուքը աւելի կարեւոր էր քան աշխարհի ծաղրանքը...''։ Հայր Լոմպարտին կը մատնանշէ թէ ինչպէս Նորին Սրբութիւնը այս գաղափարը կիրարկած էր եպիսկոպոսներու առաքելութեան` որոնք այսօր յաճախ հակահոսանք կ՛ընթանան որովհետեւ ''Հաւատքի հեզութիւնը եւ ամէն ժամանակներու եկեղեցւոյ հաւատքը միասնաբար դաւանիլը, յաճախ կը հակասէ գերիշխող բանականութիւնը''։ Այս ուղղութեամբ Հարկ է ամէն ջանք թափել - կը գրէ հայր Լոմպարտին - որպէսզի հասկցուի թէ խօսքերով ու գործով ու ճշմարտութիւնը հետապնդելով, Եկեղեցւոյ փնտռածը, անձնական շահի կամ յատուկ տեսակէտի գերակշիռը չէ այլ ամէն մէկու ու ամէնուն իսկական բարիքն է։ Որովհետւ Աստուած - ու նաեւ Եկեղեցին - կը սիրէ իր բոլոր արարածները եւ կ՛ուզէ որ անոնք ապրին լիութեամբ։ Այս մէկը հռչակելու ենք առանց վախի - կը հաստատէ Հայր Լոմպարտին իր խմբագրականը աւարտելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.