2013-01-15 13:20:20

Ամերիկահայ Սօնա Թաթոյեան Պիտի Պատրսատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ՝՝ՇԻՆՏԼԷՐԻ ՑԱՆԿԸ՝՝ ։



Թրքական ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթի աշխատակից Էզկի Պաշարան հրատարակած է երկարաշունչ թղթակցութիւն մը որ կը վերաբերի Ամերիկահայ Սօնա Թաթոյանի հետ կատարուած հարցազրոյցզի մը,եւ որմէ յայտնի կը դառնայ որ Սօնա Թաթոյեան կը պատրաստուի շարժանկարի վերածել Միշէլին Ահրոմեան Մարքոմի կողմէ գրուած ՝՝ԵՐԿՆՔԷՆ ԵՐԵՔ ԽՆՁՈՐ ԻՆԿԱՒ՝՝ անուն գիրքը։
Այս գիրքը ամբողջ պատմութիւնն է Հայկական Ցեղասպանութեան։ Իր ամուսինը Խոսէ Ռիվէրա պատրաստած է շարժանկարի սէնարիոն եւ արդէն ղրկած իրենց բեմադրիչ բարեկամ Շէքար Գափուրին։ Այս Ժապաւէնին մէջ Թաթոյեան լաւ թուրքերու մասին ալ պիտի խօսի ու նաեւ Հայերու մասին որոնք Հայութիւնը ծախած են։ Ու ան գիտէ թէ ասիկա պիտի զայրացնէ թէ Սփիւռքահայերը եւ նաեւ Թուրքերը, բայց Թաթոյեան վճռած է պատրաստել այնպիսի ժապաւէն մը որ պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան ՝՝Շինտլէրի Ցանկը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.