2013-01-14 13:01:31

Սուրիա- Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցի հաղորդակցութեան համաձայն, մինչ ջանքեր կը գործադրուին Սուրիոյ խորհրդարանին մակարդակով քաղաքական լուծում գտնելու ծրագիրը յաջողցնելու երկխօսութեան միջոցով` սուրիական տագնապէն դուրս գալու եւ աւելի ամուր ու ժողովրդավար պետութիւն մը կառուցելու համար, որ պայմանաւորուած է բազմակարծութեամբ եւ իրաւունքը պաշտպանելու հանգամանքով, անցնող օրերուն Դամասկոսի ապահովական իրադարձութիւններու առանցքը կազմեցին զինուորական օդանաւներու եւ թնդանօթներու հարուածները արեւելեան արուարձաններուն ուղղութեամբ, ուր սուրիական բանակը կը հալածէ զինեալները: Իսկ Ժարամանա արուարձանին մէջ երկու ռումբեր եւ հրթիռ մը հարուածեցին բնակելի շէնքեր` պատճառելով ծանր վնասներ: Ժարամանայի մօտ արեւելեան արուարձաններէն Մլեհայի մէջ զինեալներու կեդրոնները թիրախ ընտրելով զինուորական օդանաւները եւ թնդանօթները հարուածեցին շրջանը: Ռմբակոծման իբրեւ արդիւնք բախումներու գօտիին մօտ գտնուող նոյն Ժարամանա արուարձանի կարգ մը շրջաններու տուները վնասներ կրեցին, որուն իբրեւ հետեւանք բնակիչները ստիպուեցան տեղափոխուիլ մայրաքաղաքի աւելի ապահով շրջաններ: Յիշենք, որ Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ: Մայրաքաղաքի տարբեր խաղաղ շրջաններու մէջ արձանագրուեցան նաեւ ընդհարումներ եւ պայթուցիկ սարքերու պայթումներ` պատճառելով նիւթական վնասներ եւ զոհեր: Յատկանշական է նաեւ մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերու եւ ծայրամասերու ելեկտրականութեան հոսանքի երկար ժամերով անջատումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.