2013-01-14 13:16:23

Եգիպտոսի Եկեղեցիները Համամիութեան Ու Համագործակցութեան Նոր Շրջան Մը Կ'ապրին Շնորհիւ Ղպտի Օրթոտոքս Նոր Պատրիարքին։


Ղպտի օրթոտքս Թաուատրոս Բ-ի գահակալութեան օրէն սկսեալ Եգիպտոսի եկեղեցիները իրարու շատ մօտեցած են։ Ըստ Մարկոս առաքեալի 118-րդ յաջորդին` եկեղեցիներու միութիւնը հարկաւոր է լաւագոյնս դիմագրաւելու համար Եգիպտոսի մէջ տիրող ծայրայեղ մահմետականներու վարչաձեւը։
Նորընտիր պատրիարքը կ'աշխատի բացուիլ ու համագործակցիլ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու հետ։ Դէտերու գնահատումով համերաշխութեան ու համամիութեան նոր մթնոլորտը կարող է սատարել Եգիպտոսի քրիստոնեաներու խորհուրդի ստեղծումին։ Լաւագոյնս դիմագրաւելու համար Եգիպտոսի մոլեռանդ ընկերութիւնը, համայնքապետերը յաճախ իրարու կը հանդիպին խորհրդակցելու եւ միացեալ դիրք մը առնելու։ Թաուատրոս Բ յունուար 8-ին հիւրընկալեց կարդինալ Սանտրին` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու Եգիպտոսի կատարած այցելութեան ընթացքին։ Ծնունդի օրը Ան ողջունեց երկրի բոլոր եկեղեցապետերը եւ բաղձանք յայտնեց ամիսը անգամ մը իրենց հետ հանդիպում ունենալու։ Թաուատրոս Բ Պատրաիրքը, որպէս հովիւ, գիտակից է համամիութեան հարկաւորութեան եւ այդ պատճառաւ յայտարարած է. ''մենք որպէս հովիւներ, պարտական ենք հրապարակաւ յայտնելու մեր եղբայրական գորովը` փոխադարձ սիրոյ մէջ։ Աստուածաբանական հարցերը պէտք ենք թողուլ աստուածաբաններուն''։
Նշենք որ անոր պատրիարքութեան զինանշանը առնուած է Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն թուղթիէն ''սէրը յաւերժական է''







All the contents on this site are copyrighted ©.