2013-01-14 12:15:23

Գահիրէի Մէջ Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Նիստը.


Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Սուրիոյ մօտակայ երկիրները հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թղթածրարը:
Արաբական լիկային մէջ (Լիբանանի պահանջով) գումարուած այս նիստին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Իր խօսքին մէջ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւին արձանագրած աճը կրնայ վտանգներ պատճառել` աւելցնելով, որ Լիբանան գաղթող սուրիացիներուն թիւը յառաջիկայ յունիսին պիտի հասնի 425 հազարի:
Ան նշեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի գաղթականներուն տարրական կարիքներուն հասնելու` ընդգծելով միաժամանակ որ հակառակ տարակարծութիւններուն, Լիբանանի կառավարութեան մէջ կայ համախոհութիւն մը` գաղթականներուն դիմաց Լիբանանի սահմանները չփակելու:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի կարելիութիւնները արդէն իսկ սպառած են, որովհհետեւ արդէն իսկ Լիբանան հասած են աւելի քան 200 հազար սուրիացի գաղթականներ: «Բայց եւ այնպէս Լիբանան կը գիտակցի իր պարտականութեան եւ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կ՛որոնէ», ըսաւ ան:
Նիստին ընթացքին խօսք առաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը, որ յայտնեց, թէ Քուէյթ 30 յունուար 2013-ին պիտի հիւրընկալէ խորհրդաժողով մը եւ նուիրատու երկիրներէն կարելի եղածին չափ մեծ գումար մը պիտի գոյացնէ սուրիացի ժողովուրդին համար:
Նշենք, որ Արաբական լիկան որոշեց նաեւ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրները պատուիրակութիւններ գործուղել` ճշդելու համար գաղթականներուն իսկական կարիքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.