2013-01-14 13:01:00

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչին Հետ։


Արամ Ա. կաթողիկոսը շաբաթ, 12 յունուարի՝ առաւօտուն, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքին փոխանորդը` Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը: Սայյահ արքեպիսկոպոսը պատրիարքին կողմէ առաքուած էր յատուկ կերպով վեհափառ հայրապետին փոխանցելու օր մը առաջ պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած մարոնի քաղաքական ղեկավարներու խորհրդակցութեանց արդիւնքը` Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս ընտրական օրէնքին շուրջ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունելով հանրապետութեան նախագահին եւ պատրիարքին աշխատանքները նշեալ հարցերուն գծով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մշակել այնպիսի ընտրական օրէնք, որով յարգուին համայնքներու իրաւունքները եւ տեսակէտները, ինչպէս նաեւ համայնքներու կարեւոր դերը իրենց երեսփոխաններու ընտրութեան մէջ: Սայյահ արքեպիսկոպոսը յայտնեց վեհափառին, որ այս հարցերուն գծով պատրիարքը միշտ հաղորդակցութեան մէջ պիտի ըլլայ վեհափառ հայրապետին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական քրիստոնէական մօտեցումներ որդեգրել կարեւոր հարցերու շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.