2013-01-13 12:28:30

''Յիսուս կ՛օրհնէ ամէն ողորմածութեան գործերը'' Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Ընթացքին։


Կիրակի 13 յունուար 2013-ի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հարիւրաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ ակնարկեց օրուան տօնակատրութեան` Յիսուսի Մկրտութեան տօնին իմաստի մասին, որ - ըսաւ Ան - մեզի կը վերյիշեցնէ մեր մկրտութիւնը։ Այդ օր մենք դարձանք Աստուծոյ զաւակներ կանչուած ըլլալու աշխարհի մէջ վկաները Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ ամէն անհատի։

Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը յատուկէն յիշելով առաւօտեան Սիքստինեան Մատրան մէջ իր գլխաւորած մկրտութեան արարողութիւնը։

Թող ամէն քրիստոնեայ այս հաւատոյ տարուայ ընթացքին վերագտնէ Աստուծոյ սիրով վերածնունդի գեղեցկութիւնը ու ապրի որպէս Անոր իսկական զաւակը։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յայտնելով` ''Այսօր կը նշենք գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային օրը որուն պատգամին բանբանն է ''Յոյսի եւ Հաւատքի ուխտագնազութիւն''։ Ով որ իր ծննդավայրը կը թողու զայն կ՛ընէ աւելի բարգաւաճ կեանքի մը յոյսով եւ միեւնոյն ժամանակ վստահելով Աստուծոյ որ կ՛առաջնորդէ մարդուն քայլերը ինչպէս ըրաւ Աբրահամին։ Ասոր համար գաղթականները հաւատքի եւ յոյսի պատգամաւորներ են աշխարհի մէջ։ Թող ամէնուրէք այս անձերը հիւրնկալութիւն եւ օժանդակութիւն գտնեն որպէսզի կարենան արժանավայել կեանք մը ապրիլ։ Յիսուսի նման ըլլանք մօտիկ բոլոր անոնց որ կը տառապին եւ չեն կրնար իրենց ձայնը լսցնել։ Յիսուս պիտի օրհնէ ամէն ողորմածութեան գործ։

Պնետիկտոս ԺԶ բոլորին մաղթելէ ետք բարի կիրակի անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.