2013-01-12 12:07:53

Քրիստոնեաներու Պաշտպան Միջազգային Ընկերակցութեան Տարեկան Տեղեկագիրի Հրատարակումը։


'Մահմետական ծայրայեղութիւնը կը վատթարացնէ կացութիւնը։

''Բաց դուռ'' կոչուած քրիստոնեաներու պաշտպան միջազգային ընկերակցութիւնը հրապարակած է 2013-ի տարեկան տեղեկագիրը հայող քրիստոնեաներու կրած անարդարութիւններու ու հալածանքին մասին, աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներու մէջ։
Հիւսիսային Քուրիան, Սաուտ Արաբիան եւ Աֆղանիստան տեղեկագիրին գնահատումով կը նկատուին քրիստոնեաներու առաջին հալածողները։
''Արաբական Գարնան'' հետեւանքով արաբ երկրիներու մէջ հալածանքը քրիստոնեաներու դէմ սաստկացած է։ Ծայրայեղ մահմետականները հետզհետէ իրենց ազդեցութիւնը կը բանեցնեն արաբական երկիրներու վրայ եւ միշտ աւելի ճնշում կը բանեցնեն քրիստոնեաներու դէմ։
Քրիստոնեաներու պաշտպան միջազգային ընկերակցութեան 2013-ի տեղեկագիրը կ'ընդգծէ որ Չինաստանի մէջ քրիստոնեաներու կացութիւնը նշանակալիօրէն բարելաւած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.