2013-01-12 12:06:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 11 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնաքոյի Իշխանապետութեան Իշխան` Ալպէրթօ Բ-ի անոր կողակից Իշխանուհի Շարլինի ու անոնց ընկերացող Պատուիրակութեան։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ժամը 11,30-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Մարք Ուելլէն։
Իսկ երէկ յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պահակախումբի 200 անդամներուն ու անոնց արտասանած իր ճառին մէջ յայտնեց իր գնահատանքն ու քաջալերանքը անոնց տածած աշխատանքին համար։
Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ. ''Դուք ամէնքդ անվերապահօրէն, տիւ եւ գիշեր, ձեր ծառայութիւնը կը մատուցանէք ս. Պետրոսի յաջորդին եւ համայն աշխարհէն եկած ուխտաւորներուն։ Ամէն ուխտաւորի ու այցելուի մէջ գիտցէք տեսնել դէմքը եղբօր մը։ Յիսուսի ս. Ծննդեան եւ Ամանորին տօներուն առթիւ կ'ուզեմ վերանորոգել իմ երախտագիտութիւնս ու գնահատանքս ձեր նուիրական համագործակցութեան համար։ Ձեցի ապաւէն ըլլան երկնային պաշտպան սուրբերը` Միքայէլ հրեշտակապետը եւ սրբուհի Պարպարան, վստահ եղէք իմ միշտատեւ հոգատարութեան։''








All the contents on this site are copyrighted ©.