2013-01-12 12:20:40

Աղօթքի Երեկոյ՝ Հաւատքի Տարուան Առթիւ


Պէյրութ- Ուրբաթ, 11 յունուար 2013-ին, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն, տեղի ունեցաւ Հաւատքի Տարուան առթիւ (11 հոկտեմբեր 2012-էն մինչեւ 24 նոյեմբեր 2013) Աղօթքի Երեկոյ մը, Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 7.30-ին։ Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան ապա տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ Հաւատքի Տարուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Հաւատքի տարիի յատուկ խորհրդանիշին մասին վերլուծական բացատրութենէն ետք, յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր երգեր (կատարողութեամբ՝ Բլբուլ մանկապատանեկան եւ Կիլիկիա երգչախումբերուն), հաւատքի աղօթքներ եւ կեանքի տպաւորիչ վկայութիւններ՝ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի եւ Այտա Քէշիշեանի։ Այնուհետեւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի՝ «Դուռն Հաւատոյ» առաքելական յորդորագիրէն (հռչակուած՝ 2012-ին, Հաւատքի Տարուան սկիզբը) հատորներ ընթերցուեցան, ապա ներկայացուեցաւ յատուկ տեսաերիզ մը այս առթիւ։ Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քրիստոնէական հաւատքի խորին նշանակութեան եւ արտակարգ հզօրութեան մասին, կոչ ուղղելով բոլորին աղօթելու եւ ամրապնդելու Քրիստոսի հաւատքը մանաւանդ հայազգի զաւակներուն մօտ։ Հաւատքի հանգանակի խմբային դաւանումով եւ հայրապետական օրհնութեամբ փակուեցաւ Աղօթքի երեկոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.