2013-01-12 12:44:51

«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Մեծագումար Նուիրատուութիւններ Հանգանակել.


«Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 2013ին եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ բնակչութեան՝՝ այս հաստատումը կատարած է Համազգային հիմնադրամի նախագահ, «Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին։
«Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան հաշուեհամարը շարունակում է համալրուել նոր եւ խոշոր դրամական միջոցներով: Մենք այսուհետ փորձելու ենք աւելի շատ կենտրոնանալ Սիրիա դրամական միջոցներ ուղարկելու վրայ, քանզի ինքնաթիռով փոխադրումները բաւականին շատ խնդիրներ են առաջացնում: Բացի այդ, «Սուրիական աւիաուղները», որով արուել են վերջին փոխադրումները, նախորդ Երեքշաբթի չուերթ չեն իրականացրել», նշած է Գալստեան՝ աւելցնելով, որ կայ 200 քիլոկրամ կշռող դեղորայք, որ պէտք է Սուրիա ուղարկուի։
Անոր համաձայն, Սուրիոյ բնակչութեան օգնելու համար դեղորայք ուղարկելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերուած է Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: «Այս տարի եւս կը տրուի նախաձեռնութեան մեկնարկը եւ կը շարունակենք աշխատել», (յայտնած է Գալստեան) :

Նշենք, որ Հալէպ ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը բաշխելու աշխատանքը ստանձնած են տեղւոյն Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութիւնն ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանը. համահամայնքային «Շտապ Օգնութեան» յանձնախումբի կազմակերպութեամբ օգնութիւնը բաժնուած էր կարիքաւոր ընտանիքներուն, նաեւ՝ սուրիացիներուն։ Նախաձեռնութիւնը իր օգնութեան ձեռքը երկարած է նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ հայրենակիցներուն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ հաստատուած 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանաշինական կարիքները հոգալու նպատակով «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 5 միլիոն դրամի փոխանցում կատարած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին: 230 հոգիի տրամադրուած է մարզական կօշիկ եւ հագուստ: 600 ընտանիքներու տրամադրուած են 15 քկ. կշռող պարէնային արկղեր եւ 600 հոգիի՝ տաք ծածկոցներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.