2013-01-12 13:05:14

«Հայաստանի Հանդիսատեսը Լաւագոյնն Է». Կ՝ըսէ Իտալացի Երաժիշտ Մարիօ Փիեթրոտարքի:


Ռատիօլուր«ի թղթակից Ալիսա Գէորգեան գրած է, թէ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը պիտի ներկայացնէ իր առաջին համերգը (արդէն երրորդ անգամ ըլլալով) միեւնոյն բեմահարթակին վրայ հանդէս գալով իտալացի աշխարհահռչակ ձեռնադաշնակ նուագող Մարիօ Ստեֆանօ Փիեթրոտարքիի հետ: 14 Յունուարին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ կայանալիք համերգին ընթացքին հայ հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին աշխարհահռչակ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Նշենք, որ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի բոլոր համերգներուն իւրաքանչիւր գնուած տոմսի հասոյթին հարիւրէն 10 տոկոսը պիտի յատկացուի »Նուիրիր կեանք« անուան Բարեգործական Հիմնադրամին, որ իր ամբողջ ներուժը կը դնէ քաղցկեղով եւ արեան հիւանդութիւններով տառապող հայ մանուկներու կեանքի փրկութեան գործին:
Իտալացի աշխարհահռչակ ձեռնադաշնակ նուագող Մարիօ Ստեֆանօ Փիեթրոտարքին առաջին անգամ Հայաստան եկած էր իտալացի հանրածանօթ սենարիսթ եւ բանաստեղծ Թօնինօ Կուերրայի հետ:
»Ան ինծի միշտ պատմած է Հայաստանի մասին, խօսած է ժողովուրդին, եկեղեցիներուն մասին։ Շնորհակալ եմ անոր, որ ինծի Հայաստան բերաւ։ Ցաւ ի սիրտ առաջին անգամն է, որ Հայաստան կու գայ եւ Թօնինոն անմիջապէս ինծի չի հեռաձայներ եւ չի հարցներ, թէ ի՛նչ կը զգամ հոս գտնուելուս առիթով։ Ան ձեւով մը բարի կամքի դեսպան եղած է ու միշտ մեծ սիրով կ՛արտայայտուի Հայաստանի մասին«, պատմած է իտալացի երաժիշտը: »Ինծի համար մեծ հաճոյք է հանդէս գալ երիտասարդական նուագախումբին հետ: Համոզուած եմ, որ հայ հանդիսատեսը պիտի սիրէ համերգային ծրագիրը, քանի որ անիկա բաւական զգացական է: Ես զգացած եմ ու գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ կը սիրեն Ասթոր Փիացցոլայի ստեղծագործութիւնները, շատ լաւ գիտեն անոր հանրայայտ գործերը: Ուրախ եմ, որ կարելիութիւն ունիմ համերգին ընթացքին ներկայացնելու Փիացոլայի ստեղծագործութիւններէն մի քանին, որոնք եւս արժանի են ուշադրութեան եւ Հայաստանի մէջ պիտի հնչեն առաջին անգամ ըլլալով«, աւելցուցած է ան։

Իտալացի երաժիշտը յայտնած է, որ ամէն անգամ որ Հայաստան կ՝այցելէ կը վայելէ ժամանակը։ Ան այցելած է Նորավանք. »անիկա հրաշալի էր, սակայն ամէնէն հրաշալին Հայաստանի հանդիսատեսն է«, հաստատած է իտալացի երաժիշտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.