2013-01-12 12:33:25

2013ը՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։ (12 /1/2013)


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրէ հայ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, Հայրապետական Գիրով 2013 տարին հռչակեց Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա ՐԻ։
- Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, (կը կարդանք վեհափառին գիրին մէջ) հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՜չ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՜չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքագծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակցութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը:
Արդ, ներկայ տարուան ընթացքին անհրաժեշտ է համապարփակ մօտեցումով վերարժեւորել հայ մօր տիպարը, յատկապէս պարզելով ներկայ ժամանակներուն անոր դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ շեշտելով մեր կեանքը յուզող տագնապներուն դիմաց իրեն վիճակուած ճակատագրական դերը:
Անհրաժեշտ է սակայն, նախ դառնալ Աստուածաշունչին, որպէս հիմքը մեր քրիստոնէական հաւատքին, կեանքին ու մտածողութեան: (ասոր կ՝անդրադառնանք մեր յաջորդ սփռումին)









All the contents on this site are copyrighted ©.