2013-01-11 13:27:14

Փարիզի Քրտական Տեղեկատուական Հիմնարկի Մէջ Երեք Քիւրտ Ականաւոր Կին Գործիչներ Սպաննուած ։


Փարիզի մէջ գտնուող Քրտական Լրատուութեան Կեդրոնին մէջ երէկ յայտնաբերուեցան դիակները քիւրտ երեք կին գործիչներու, որոնք իրենց գլուխներէն փամփուշտ ստացած էին: Դիակները հիմնարկին մէջ յայտնաբերուած են առաւօտեան շուրջ ժամը երկուքին, եւ «տեսարանը մտածել կու տայ, թէ անոնք մահապատիժի ենթարկուած են»` «սակայն կը սպասուի, որ հետաքննութիւնը ի յայտ բերէ ողբերգութեան ճշգրիտ պայմանները»:Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալլս, որ ոճիրին վայրը այցելեց, սպաննութիւնը «ահաբեկումներ» եւ «անընդունելի » որակեց:
Ֆրանսայի մէջ Քրտական Միութիւններու Դաշնակցութիւնը յայտնեց, որ զոհերն են՝ ՔԱԿ-ի(Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան) հիմնադիր անդամներէն Տիկին Սաքինէ Ճանսըզ, տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնեայ եւ Պրիւքսէլի մէջ Քրտական ազգային քոնկրեսի 32-ամեայ ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ գործիչ մը` Լէյլա Սոյլեմեզ:
՝՝ Սահմռկեցուցիչ ոճիր մը՝՝ այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ ֆրանսուա Հոլլանտ խօսելով Քիւրտ երեք կիներու սպաննութեն մասին,ընդգծելով որ անոնցմէ մին ֆիտան Տողանը ինք անձամբ կը ճանչնար։








All the contents on this site are copyrighted ©.