2013-01-11 13:19:09

Սաստիկ Ցուրտին Պատճառով Հալէպի Վիճակը Կը Վատթարանայ։


Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Հալէպի մէջ եղանակը աւելի ցրտած է՝ պատճառ դառնալով, որ բնակիչներուն կեանքն ու առօրեան առաւել եւս դժուարանան, յատկապէս վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով։ Ան աւելցուցած է, որ հակառակ ամէն ինչի, հայկական դպրոցները կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները։
Ռէյիսեանին համաձայն, 9 Յունուարին Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններու մէջ առատ ձիւն տեղացած է. բնակիչներէն ոմանք կը փորձեն բնակարանները ջերմացնել փայտով: Ըստ անոր, յետմիջօրէին քաղաքը խաւարով կը պատուի եւ կը ստեղծուի "նախնադար" յիշեցնող պատկեր մը։
Քաղաքական դաշտին մէջ փոփոխութիւն չկայ, մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին հեռուէն, իսկ կեդրոնական շրջաններուն մէջ իրավիճակը հանդարտ է: Ռէյիսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հալէպի օդակայանը չի գործեր: Լուրեր շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ անիկա կրնայ բացուիլ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.