2013-01-11 17:15:49

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԱՆՈՐ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ


Նախորդ հաղորդումին մէջ խօսեցանք «Յիսուս» անունին մասին, եւ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ անձեր կրած են այս անունը: «Յիսուս» կոչուած անձերը եղած են միանգամայն նախապատկերները մեր Տիրոջ, Յիսուսի Քրիստոսի, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տեսակէտով մը միայն կը նշանակէ փրկութիւնը, զորս Յիսուս պիտի բերէր մարդոց, մինչդեռ «Յիսուս» անունը, առանձինը, կը բացատրէ Փրկչագործութեան բոլոր իմաստը եւ արդիւնքները :
Նոյնպէս խօսեցանք թէ «Յիսուս» անուան աւելցուած է «Քրիստոս» բառը, որ կը նշանակէ «օծեալ», եւ թէ հին ատեն, մեր նախահայրերը «Քրիստոսներ» կը կոչէին քահանաները եւ թագաւորները, որոնք իրենց պաշտօնին վսեմութեան պատճառաւ, Աստուծոյ հրամանով ընդունած էին սուրբ օծումը:
Արդ, քահանաներուն պարտքն է ժողովուրդին համար Աստուծոյ թախանձագին աղօթքներ բարձրացնեԼ. անոնք են որ զոհեր կը մատուցանեն եւ իրենց միջնորդութեամբ անոր բարկութիւնը կ՛իջեցնեն: Իսկ թագաւորները պարտական են ժողովուրդը կառավարել. անոնց պարտքն է յայգել տալ օրէնքները, պաշտպանել անմեղներու կեանքը եւ պատժել յանցաւորներուն լրբութիւնը: Իսկ անոնք որ քահանայ կամ թագաւոր կ՛ընտրուէին, պէտք էին իւղով օծուիլ:
Սովորութիւն էր նաեւ այս օծումը տալ Մարգարէներուն, անմահ Աստուծոյ այս ճշմարիտ թարգմաններուն եւ դեսպաններուն , որոնց պաշտօնն էր մարդոց յայտնել երկնքի գաղտնիքները:
Արդ, Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, աշխարհ գալով ստանձնեց միանգամայն այս երեք պաշտօնները՝ Մարգարէի, Քահանայի եւ Թագաւորի. ահա թէ ինչո՛ւ առաւ «Քրիստոս» անունը եւ այս երեք պաշտօններուն յատուկ օծումը: Եւ այս օծումը ընդունեցաւ ոչ թէ մարդոց ձեռքէն, այլ՝ իր Երկնաւոր Հօր զօրութեամբ: Այս է որ Դաւիդ Մարգարէն շատ բարւոք կերպով կ՛արտայայտէ, երբ, ուղղուելով նոյն ինքն Փրկչին, կը յարէ. « Սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անարդարութիւնը. այս պատճառաւ Աստուած, քու Աստուածդ տուաւ քեզի «օծում» մը ուրախութեան, որ գեր ի վեր է անկէ, զոր ունին քու բաժնեկիցներդ»: Այս նոյն խօսքը յստակօրէն կը բացայայտէ Եսայի, այս խօսքերով, զորս կը դնէ Փրկչին բերանը. «Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է, որովհետեւ Տէրը զիս օծեց եւ ղրկեց որ Զինքը աւետեմ հեզերուն»:
Ուրեմն Քրիստոս եղաւ Մարգարէն եւ Գերագոյն Վարդապետը որ մեզի սորվեցուց Աստուծոյ կամքը եւ որուն վարդապետութիւնը աշխարհի ծանօթացուց Անոր Երկնաւոր Հայրը:
Քրիստոս եղաւ նաեւ Քահանայ, ոչ թէ Հին Կտակարանի Ղեւիի ցեղին քահանաներուն նման, այլ, ինչպէս երգած է Դաւիդ. «Դուն ես քահանայ յաւիտենական , Ըստ Կարգին Մելքիսեդեկի»: Սուրբ Պօղոս այս խօսքը ամենամեծ ճշգրտութեամբ կը բացայայտէ Եբրայեցիներու թուղթին մէջ (Ե, 6):
Վերջապէս, Յիսուս Քրիստոսը կը ճանչնանք ոչ միայն իբրեւ Թագաւոր եւ Աստուած, այլ նաեւ՝ իբրեւ մարդ եւ մասնակից մեր բնութեան: Անոր մասին է որ հրեշտակը ըսաւ. «Յաւիտեան պիտի թագաւորէ Յակոբայ Տան վրայ եւ անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկ. Ա, 32-33): Արդ, այս թագաւորութիւնը հոգեւոր է եւ յաւիտենական. կը սկսի աշխարհի վրայ եւ կը կատարելագործուի երկնքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.