2013-01-11 13:17:06

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Հարցով "Իպրահիմի-Պըրնզ-Պոկտանով" Հանդիպումը.


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Գահիրէի մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանի եւ բոլոր լիազօրութեանց տէր կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը պէտք է գործադրել:
Իպրահիմի լրագրողներուն ըսաւ, որ այսօր Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցով հանդիպում կ՛ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզի հետ` նշելով, որ ասիկա Սուրիոյ տագնապին շուրջ իր տեսակին մէջ երկրորդ խորհրդակցութիւնը պիտի ըլլայ:
Միջազգային պատուիրակը նշեց, որ այսօրուան հանդիպումը շարունակութիւնն է 6 դեկտեմբերի Տուպլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումին, որ շարունակուեցաւ 9 դեկտեմբերին, Ժընեւի մէջ Պոկտանովի եւ Պըրնզի մասնակցութեամբ:
Իպրահիմի աւելցուց, որ այս հանդիպումներուն նպատակը 30 յունիս 2012-ին հրապարակուած Ժընեւի հաղորդագրութիւնը կեանքի կոչելն է, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին եւ ամբողջական լիազօրութեանց տէր կառավարութեան մը կազմութեան:
Իպրահիմի նախապէս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ ինք փոխանցման կառավարութեան կազմին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի համար որեւէ դեր չի տեսներ` ընդգծելով, որ «անկասկած ան այդ կառավարութեան անդամ պիտի չըլլայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.