2013-01-10 12:28:09

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կը Պահանջեն Կազմել Նոր Կառավարութիւն Մը Եւ Մշակել 1960-ի Օրէնքը Շրջանցող Ընտրական Այլ Օրէնք Մը։


Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին եպիսկոպոսները պահանջեցին պահպանել Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին վայրագութեան եւ բռնարարքներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին նաեւ, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատել` աւելցնելով, որ պէտք է Սուրիայէն Լիբանան ժամանող բոլոր գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:
Սակայն հակառակ այս պահանջին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն թիւի բարձրացումին համար:
Մարոնի եպիսկոպոսները նշեցին նաեւ , որ պէտք է նոր կառավարութիւն մը կազմել եւ մշակել ընտրական նոր օրինագիծ մը, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը շրջանցէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.