2013-01-10 12:17:50

Բռնութիւնը Կը Շարունակուի Սուրիոյ Մէջ,Մինչ Ձիւն Ձմեռը Ստիպողական Վիճակ Կը Ստեղծէ Յորդանան ,Լիբանան եւ Թուրքիա Գտնուող Փախստականներու Ճամբարներուն Մէջ։ Լախտար Իպրահիմի Ռուս Եւ Ամերիկացի Դիւանագէտներու Հետ Պիտի Քննէ Սուրիոյ Հարցը։


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի ռուս ու ամերիկացի դիւանագէտներու հետ Սուրիոյ շուրջ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ 11 Յունուարին (Ուրբաթ օր) Ժընեւի մէջ:

Իր կարգին, Սուրիոյ տեղեկատուական հարցերու նախարար Օմրան Զուպի խստօրէն քննադատեց այն իրողութիւնը, որ արեւմտեան պետութիւնները, առանց նախագահ Պաշշար Ասսատի հաշտութեան ծրագրի «առաջարկի բնագիրին թարգմանութեան սպասելու»՝ մերժած են ծրագիրը:
Արդարեւ Ասսատի խաղաղութեան ծրագիրը մերժած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ իր ելոյթին մէջ Ասսատը նկատեց «անմարդկային եւ անհաւասարակշիռ» անձ մը: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն որդեգրած է սուրիական վարչակարգին վրայ «պատժամիջոցներով ճնշում գործադրելու, ոչ ռազմական օժանդակութեամբ ընդդիմութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ անկէ դուրս մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու» քաղաքականութիւնը: Ան կրկնեց, թէ սուրիական խնդիրի լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ բռնութեանց դադրեցումը եւ Ասսատի հեռացումը:

Իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ նշեց. «Ասսատի արտասանած ճառին եւ Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերեալ վեց կետերէ բաղկացած ծրագիրին ուղղութեամբ ընթացող Ասսատի ներկայացուցած նախաձեռնութեան մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք, որովհետեւ սուրիական հարցը զինուորական լուծում մը չունի, այլ՝ քաղաքական լուծումներ, եւ Ասսատի ճառը յաւելեալ խորհրդակցութեան ու հասկացողութեան առանցք մը կը կազմէ»:
Արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ նոր հանդիպումներուն մէջ գոյութիւն ունի նոր մթնոլորտ մը, որ կրնայ նպաստել Իպրահիմիի առաքելութեան: Աղբիւրները կը նշեն, որ կողմերուն մեկնակէտերը տարբեր են, սակայն անոնք կը գիտակցին, թէ սուրիական թղթածրարը կառավարելու համար համագործակցելու կարիքը ունին: «Երկու երկիրները հասած են այն համոզումին, որ ո՛չ ընդդիմութիւնը կրնայ նախագահ Պաշշար Ասսատը տապալել, եւ ո՛չ ալ վերջինս կրնայ զինուորական գետնի վրայ ընդդիմութեան վերջ տալ, ինչ որ գործնականին մէջ կը նշանակէ ճակատումներու անժամկէտ շարունակում, որ զոհերու ու քանդումի ցանկը պիտի երկարէ», աւելցուցած են նշեալ աղբիւրները: Անոնք աւելցուցած են, որ «Ուաշինկթըն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ շրջանին մէջ իր առաջնահերթութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ռուսական կողմին հետ գործակցիլ, անոր ոճն ու ուղեգիծը բարեփոխելու նպատակով»:
Հուսկ Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանը Չորեքշաբթի օր հաստատեց այն լուրը, թէ Սուրիոյ մէջ 48 իրանցի առեւանգեալները ազատ արձակուած են,այս առթիւ ազատ արձակուեցան նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.