2013-01-09 12:33:48

Սուրիոյ Մէջ աւելի Քան Մէկ Միլիոն Հոգի Ուտեստեղէնի Կարօտ Կը Մնայ։


Սուրիոյ մէջ 22 ամիսէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան պատճառով, շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացի կը շարունակէ ուտեստեղէնի կարօտ ու անօգնական վիճակի մէջ մնալ. այս մասին Երեքշաբթի, Յունուար 8ին հաղորդեց ՄԱԿ-Ի Պարենային Ծրագիրը(Pam-Wep) :
ՄԱԿը օժանդակութիւն կը տրամադրէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոն սուրիացիի, սակայն շարունակուող հակամարտութեան եւ Թարթուսի նաւահանգիստէն օգտուիլ չկարենալու պատճառով, մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը տեղ չի հասնիր: Նկատի ունենալով, որ իրավիճակը երբ աւելի վտանգաւոր դարձաւ ՝ ՄԱԿը ստիպուած ժամանակաւորապէս իր աշխատակիցները դուրս բերաւ Հալէպէն, Հոմսէն, Թարթուսէն եւ Գամիշլիէն: ՄԱԿի հաշուարկներով՝ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունին շուրջ 4 միլիոն սուրիացիներ :

Իսկ Սուրիոյ Քրտական ձախ կուսակցութեան ղեկավարներէն Շալլալ Քատտօ յայտնեց որ . «Քրտական քաղաքները ամբողջովին պաշարուած են, մարդասիրական շատ ծանր կացութեան մէջ են՝ ելեկտրականութեան շարունակ ընդհատման, հիմնական ծառայութեանց ու վառելանիւթերու՝ մասնաւորաբար ջերմացման նիւթերու բացակայութեան, ինչպէս նաեւ հացի, դեղորայքի եւ բժշկական նիւթերու սակաւութեան պատճառով»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները մինչեւ հիմա զանց առնուած են մարդասիրական օժանդակութիւններէն, հակառակ այն իրողութեան, որ տարբեր նահանգներէ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ հոն ապաստանած են՝ աւելցնելով, որ ստեղծուած կացութեան արագօրէն չլուծուելու պարագային՝ «կ՛ակնկալուի Սուրիոյ Քիւրտիստանէն դէպի Իրաքի Քիւրտիստան եւ Թուրքիա հաւաքական գաղթի ալիքներ»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Կիրակի օր Դամասկոսի Օփերայի սրահին մէջ, հարիւրաւոր սուրիացի պաշտօնատարներու ներկայութեան, ուղղակի պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Սուրիոյ տագնապը լուծելու ծրագիր մը ներկայացուց: Ասատ տագնապի լուծման համար առաջարկեց հանգրուանային հետեւեալ ծրագիրը.
1. Օտար պետութիւնները վերջ պէտք է տան դէպի Սուրիա ահաբեկիչ ուղարկելու քայլին. գաղթական սուրիացիները իրենց բնակարանները պիտի վերադառնան. կառավարութիւնը պիտի դադրեցնէ զինեալ գործողութիւնները, սակայն իրեն կը վերապահէ հակադարձելու իրաւունքը.
2. Ոչ մէկ ահաբեկիչ դրացի երկիրներու սահմաններէն Սուրիա մուտք պիտի գործէ.
3. Ընդդիմութեան հետ բանակցութիւնը պիտի կատարուի յատուկ համագումարով մը, որուն ընթացքին ազգային համաձայնութեան ուխտ մը պիտի կազմուի.
4. Պիտի կազմուի Ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի գործադրէ ազգային համաձայնութեան ուխտին որոշումները.
5. Ընդհանուր ներում պիտի հռչակուի եւ պիտի պատրաստուի փոխանցման շրջանը:
Ասատ նշեց. «Մենք պիտի չբանակցինք խամաճիկներու հետ՝ ստեղծուած Արեւմուտքին կողմէ: Մենք տիրոջ հետ կը բանակցինք եւ ոչ թէ ծառային»:








All the contents on this site are copyrighted ©.