2013-01-09 12:45:36

Կարդինալ Սանտրիի Հովուական Այցելութիւնը Եգիպտոս։


Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին 6 - 11 յունուար 2013 հովուական այցելութեամբ մեկնած է Եգիպտոս։
Ծիրանաւորի օրակարգին մէջ նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ` եկեղեցական բարձարստիճան իշխանութիւններու հետ ինչպէս նաեւ նորակառոյց եկեղեցւոյ մը օծումը ու Սիրտ Յիսուսի Եգիպտացի Կուսաններու միաբանութեան Հիմնադրութեան 100 ամեակի տօնախմբութիւնները։
Արդարեւ Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը յունուար եօթին հանդիպում ունեցաւ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք` Թէոտորոս Բ հետ, մինչ երեքշաբթի 8 յունուարի առաւօտեան նախագահեց Սիրտ Յիսուսի Եգիպտացի Կուսաններու Հիմնադրութեան 100 ամեակի տօնախմբութիւնները ու ապա յետ միջօրէին հանդիպում ունեցաւ Ղպտի Օրթոտոքս նորընտիր Պատրիարք` Թաուատրոս Բ հետ։
Երկու Պատրիարքներն ալ Կարդինալ Սանտրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչին ներկայացուցին իրենց եգիպտոսի իրենց եկեղեցիներու իրավիճակը ու ապա գնահատանք յայտնեցին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի անձին հանդէպ։
9 յունուարին Վատիկանի ներկայացուցիչը նախագահեց ֆրանչէսկեան ''Մարիամու Անարատ Սիրտի Միաբանութեան'' հիմնադրութեան 200 ամեակի առթիւ մատուցուած Սուրբ արարողութիւնը որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Աղէքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարք` Անթոնիոս Նակիպի հետ հուսկ երեկոյեան, հանդիպեցաւ տեղական ''առաքելական գործունէութիւններու պատասխանատուներուն'' անոնց ներկայացնելով Հաւատոյ Տարուայ մասին զեկոյց մը։
10 Յունուարի յետ միջօրէին Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին կը փոխադրուի Շարմ էլ Շէյխ ուր յետ միջօրէի ժամը 18.30-ին կը նախագահէ Խաղաղութեան Տիրամօր նուիրուած` նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը որուն ներկայ կը գտնուին ''միջազգային հասարակութեան'' ներկայացուցիչներ։
Հովուական այցելութեան վերջին օրը, 11 յունուարին, կարդինալ Սանտրին հանդիպում կ՛ունենայ Սինայի կառավարիչին հետ ու ապա վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.