2013-01-09 13:03:11

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Կ՛առաջարկէ Փաշազատէին՝ Հանդիպիլ Արցախի Սահմանին Վրայ։


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ Արցախի մէջ հանդիպում մը կայացնելու գծով վերջնական համաձայնութիւն չէ կայացած, սակայն այդ գծով առաջարկ ներկայացուած է։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր աթոռ Էջմիածինի տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:
«Դեռեւս 2011թ. Երեւանում ԱՊՀ երկրների հոգեւոր առաջնորդների եռակողմ հանդիպման ժամանակ առաջարկ է եղել յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել սահմանի վրայ, եւ դրական արձագանգ է գտել», նշած է Վահրամ քհնյ.՝ շեշտելով, որ յստակ համաձայնութիւն չէ գոյացած նաեւ այդ ատեն։
Անոր համաձայն, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յանձնարարութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան Վրաստան այցելող Ալլահշուքիւր Փաշազատէին փոխանցած է Արցախի սահմանին վրայ հանդիպելու առաջարկը: Վահրամ քահանայ Մելիքեան նշած է նաեւ, որ նման հանդիպումներու նպատակը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն պահպանելն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.