2013-01-08 12:40:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը ու Գամպոճեաի Եկեղեցւոյ Յղած Պատգամը։


Երեքշաբթի 8 Յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 12,15 անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց նորօծ եպիսկոպոսներ` գերապայծառ ֆորդունադուս Նուաչուքւու եւ գերապայածառ Նիքոլաս Թէվթնինի ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ եկեղեցականները անցեալ 6 Յունուարին ` գերապայծառ Վինչէնցօ Ծանիի եւ Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյնի հետ միասին եպիսկոպոսական օծում ստացած էին Սուրբ Պետրոսի մէջ Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած արարողութեան ընթացքին։

Իսկ երէկ Սրբազան Հայրը պտգամ մը յղած էր Գամպոճեայի եկեղեցւոյ որ այս օրերուն կազմակերպած է ազգային գիտաժողով մը, Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքի հրատարակումին 20-րդ տարեդարձներու աօթիւ։
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Բնո-բէն մէջ 5-7 Յունուար 2013։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վիտէօ պատգամ մը ուղղեց Գամպոճեայի հաւատացեալներուն ոգեկոչելով Գամպոճեայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու ''հաւատքն, քաջութիւնն ու յարատեւութիւնը'' կարմիր խմերներու աստուածամերժ վարչաձեւի տարիներուն ընթացքին, որուն հետեւանքով շատերը նահատակուեցան։ Շնորհիւ այդ նահատակութեան վկայութեան կարելի եղաւ վերակազմել եկեղեցական հասարակութիւնը ձեր երկրին մէջ։ Այսօր բազմաթիւ են այն այրերն ու կիները որոնք կը դաստիարակուին քրիստոնէական հաւատքին մէջ ու կը պատրաստուին մկրտութեան խորհուրդը ընդունելու։ Ասիկա ապացոյց է ձեր եկեղեցւոյ ուժականութեան ու բարեբեր նշան մը Աստուծոյ նախախնամ ներկայութեան։
Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները պահելու իրենց միութիւնն ու խաղաղութիւնը Ս. Հոգւոյ մէջ։ Վստահ եղէք - ըսաւ Ան - ձեր նահատակ եղբայրներու ու քոյրերու բարեխօսութեան Ամենակալ Աստուծոյ առջեւ, որոնց արիւնը թափեցաւ բրինձի դաշտերուն մէջ։ Եղէք ընկերութեան թթխմորը, վկայութիւն տուէք Քրիստոսի սիրոյն, հանդէպ բոլոր մարդկութեան, եղբայրական կապեր ստեղծեցէք կրօնական այլ հաստատութիւններու անդամներու հետ եւ ընթացէք արդարութեան ու ողորմութեան ճանապարհին վրայ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց երիտասարդներուն ու նոր քրիստոնեաներուն որ եկեղեցին իրենց ընտանիքն է։ Յոյսը ձեր վրայ դրուած է վկայութիւն տալու այն Կեանքին ու Սիրոյն որ գտաք Քրիստոսւի մէջ։ Ձեզի համար կ'աղօթեմ եւ ձեզմէ կը խնդրեմ որ դառնաք Քրիստոսի եռանդուն աշակերտները։
Յայտնենք որ Գամպոճեայի բնակչութեան 96 տոկոսը պուտտայական կրօնի կը հետեւի։ Քրիստոնեաները կը ներկայացնեն մէկ տոկոսը 14,8 միլիոն բնակչութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.