2013-01-08 12:39:02

Նախագահ Պաշար Ասսատի Խախաղութեան Ծրագիրը Համոզիչ Չէ՝ Միջազգային Հասարակութեան Համար։


Ինչպէս ծանօթ է Պաշար Ասսատ առաջարկեց հինգ հանգրուաններով Հաշտութեան Ծրագիր մը։ Սուրիոյ Նախագահը Ասսատ առջի օր իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ Ժողովուրդին առաջարկեց (այդ առթիւ) նաեւ հինգ հանգրուաններով հաշտութեան ծրագիր մը։ Ասսատ իր խօսքին մէջ պնդեց որ ի զօրու ՝՝ կռիւները՝՝ ընդդիմադիրներու ու կառավարութեան միջեւ ՝՝կռիւ՝՝ չեն, այլ հայրենադաւերու ու ժողովուրդի միջեւ կռիւ են։ Ասսատ ըսաւ որ Սուրիա այժմ դէմ յանդիման կը գտնուի ահաբեկչական շարժումի մը հետ,որուն նմանը չէ տեսնուած իր պատմութեան մէջ։ Ներսէն ու դուրսէն Սուրիոյ թշնամիները այժմ կը ջանան մեզմէ վրէժ լուծել (ըսաւ Սուրիոյ Նախագահը)։ Ասսատ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսաստանին,Չինաստանին եւ Իրաքին որոնք իրեն նեցուկ կանգնեցան այս կռիւին մէջ։ Սուրոյ Նախագահը աւելցուց որ խաղաղութիւնը կը հաստատուի եթէ օտար պետութիւններ վերջ տան ահաբեկիչներ ղրկելու իրենց գործընթացքին։ Այս կէտին վրայ Թուրքիային ալ ծանր պարտականութիւն կը վիճակի ըսաւ Պաշշար Ասսատ։








All the contents on this site are copyrighted ©.