2013-01-08 14:38:33

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑ ՈԻԹԻԻՆԸ՝ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈԻԹԻԻՆ է ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԻՆ


Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման սկզբունքներուն մէջ, համագործակցութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ : Եթէ ուշադրութեամբ վերլուծենք Եկեղեցւոյ ընկերային զանազան շրջաբերականները, պիտի անդրադառնայինք որ համագործակցութիւնը նախ եւ աոաջ արժէք մըն է : Արժէք մը, զոր կը շնորհենք ե՛ւ անհատներուն ե՛ւ հասարակութիւններուն, որոնք մեզ կը միացնեն : Ան կը կազմէ, ըստ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին ,հաստատ եւ անսակարկ որոշումը, աշխատելու յանուն մարդկային բարիքին, այսինքն՝ իւրաքանչիւր անհատին եւ համայն մարդկութեան, որովհետեւ իրապէս մենք պատասխանատու ենք բոլորինե:
Համագործակցութիւնը նաեւ գործնական աշխատանք է, որ արժէքը կամ առաքինութիւնը շօշափելի արարքներու կը վերածէ : Այլ խօսքով համագործակցիլ կը նշանակէ բաժնեկից դաոնալ, օժանդակել, ընկերակցիլ, նեցուկ կանգնիլ, ընդունիլ, հոգատարութիւն ընել, խնամել, մտահոգուիլ, զոհուիլ, եւ այլն:
Ոչ ոք կրնայ աոանձին ապրիլ եւ անտեսել հասարակութիւնը : Որովհետեւ, պատկանելիութիւնը ընկերային զանազան շըրջանակներուն, ըլլան անոնք ընտանիք կամ որեւիցէ շրջանակ, ոչ միայն նիւթական վերապրումի սկզբունքը կը կազմէ, այլեւ մեր ինքնութիւնը մեր մտաւորական աճումը եւ մեր զգացականին հաւասարակշոութիւնը:
Չենք կրնար բաժնել համագործակցութիւնը աւետարանչութենէն, որովհետեւ աւետարանչութիւնը կ՚ենթադրէ շօշափելի մասնակցութիւնը մարդոց կեանքին, այսինքն՝ այն բոլոր մարդոց որոնք հոգեկան կամ մարմնական դժբախտութիւն ունին : Հետեւաբար, այն ինչ որ կրնայ մարդիկը ընկերութիւներուն մօտեցնել ներկայ աշխարհին մէջ, ուր այնքան ներդաշնակ է եւ միեւնոյն ատեն շատ բաժնուած, աւետարանչութեան մաս կը կազմէ: Արդարութեան հաշտութեան եւ ներողամըտութեան փնտռտուքը, ինչպէս նաեւ ցեղապաշտութեան գերազանցումը մաս կը կազմեն եղբայրութեան, որ իր աղբիւրը կը գտնէ Աստուծոյ Հօր մէջ :
Համագործակցութիւն բառը, աոաջին անգամ քրիստոնէական բարբառին մէջ մուտք գործեց Յովհաննէս Պօղոս Ռ. Սրբազան Քահանայապետին օրով : Անոր ընկերային շրջաբերականներուն մէջ, համագործակցութիւն բաոը բազմաթիւ կերպերով գործածուած են: Ըստ իրեն, ան պէտք է ըլլայ բոլորին համար, այսինքն՝ պէտք չէ սահմանափակուի միայն Քրիստոնեայ կրօնքով, անոր ցեղով դասակարգերով ու շրջանակներով, որովհետեւ բոլոր մարդկութիւնը հաւասարապէս սիրուած է Աստուծմէ:
Նմանապէս, Ցովհաննէս Պօղոսին համար, համագործակցութիւնը կը հասնի մինչեւ ներողամտութիւն եւ հաշտութիւն: Սակայն, երբ մէկու մը ներողութիւնը կը խնդրենք նախատելէն ետք, ասիկա կը նշանակէ որ կ՛ուզենք մեր կեցուածքը փոխել իրեն հանդէպ, այլ խօսքով՝ դարձի գալ: Արդ, համագործակցութեան պարտականութիւնը կը դաոնայ կոչ մը հաշտութեան եւ ներգործութեան: Այն ատեն, բոլոր մեքենայութիւնները, որոնք մարդս կը նուաստացնեն արմատախիլ կ՚ըլլան:
Ահաւասիկ, ուրենմ համագործակցութեան սկզբունքը: Համագործակցութեան պարտականութիւնը մէկ խօսքով սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն է կարիքատրներուն հանդէպ : Որովհետեւ, ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը ,փոխադարձ սիրով եւ յատկապէս պաղատանքով է որ մենք կարիքատրներուն ցոյց կու տանք որ մենք Յիսուսի իսկական առաքեալներն ենքե:
Եկէք ուրեմն աւելի գիտակցինք ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն եւ գրաւականներուն եւ աւելի յանձաոու ըլլանք արդարութեան եւ համագործակցութեան :

Հայր Գէորգ Վ. Ասատարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.