2013-01-07 14:17:54

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Յիսուսի Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առթիւ։


Վեհափառը նաեւ հայրապետական գիրով 2013 տարին կը հռչակեց՝
Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Յիսուսի Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքէն։
Վեհափառը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մաղթելով անոնց աստուածային բարիքներով ու շնորհներով լեցուն տարի մը :
Եւ նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, որով (ըսաւ վեհափառը) իւրաքանչիւր տարին կը նուիրենք մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը: Այս առիթով, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2013 տարին կը հռչակենք՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի՚։








All the contents on this site are copyrighted ©.